Ս. ԹԱԴԷՈՍ ԱՌԱՔԵԱԼԻ ՈՒ Ս. ՍԱՆԴՈՒԽՏ ԿՈՅՍԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ՌՈՒՄԷԼԻ ՀԻՍԱՐԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ

Kategori: Եկեղեցական

109Ս. Թադէոս Առաքեալի եւ Ս. Սանդուխտ Կոյսի տօնը հանդիսաւորարարողութիւններով նշուեցաւ Ռումէլիհիսարի Ս. ՍանդուխտԵկեղեցւոյ մէջ։

9 Յուլիս Շաբաթ առաւօտ, արարողութեանց հանդիսապետեց Գերշ. Տ.Շահան Արքեպս. Սվաճեան, Ս. Պատարագը մատոյց Արժ. Տ. ՍարգիսՔհնյ. Քույումճեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին բարեշնորհսարկաւագներ՝ Սեւան Ճիւանեան, Յարութիւն Պապիկեան եւ ՀայկՔոփարեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան ներկայ հոգեւորհայրերու կողմէ առաջնորդութեամբ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ.Քհն.Տամատեանի։

Հանդիսապետ Սրբազան Հայրը Տէրունական Աղօթքէն առաջ քարոզեցու անդրադարձաւ Հայ ժողովուրդի առաջին լուսաւորիչներէն Ս.Թադէոս Առաքեալի Ս. Աւետարանի քարոզութեան եւ ապա ծանրացաւՍ. Սանդուխտ Կոյսի վարքին վրայ, յատկապէս շեշտելով իրհաւատաւոր կեցուածքը, որով դիմադրեց աշխարհիկ վայելքներուն,ընտրելով Քրիստոսը՝ Ճանապարհը, Ճշմարտութիւնը եւ Կեանքը։Թելադրեց մանաւանդ մերազն տիկիններուն եւ օրիորդներուն օրինակառնել Ս. Սանդուխտ Կոյսը եւ վառ պահել քրիստոնէական հաւատքըմեր ընտանեկան յարկերէն ներս։

Ս. Պատարագի աւարտին եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ սարքուեցաւ սիրոյսեղան։ Ապա Հոգշ. Հ. Զաքէոս Աբղ. Օհանեան, Եկեղեցւոյ Երէց՝ Արժ.Տ. Միւռոն Աւ. Քհնյ. Այվազեան եւ Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան միասնաբար այցելութիւն տուին գիւղի գերեզմանատունը, ուրկատարուեցաւ ընդհանուր գերեզմանօրհնէք։

*

Իսկ 10 Յուլիս Կիրակի առաւօտ, արարողութեանց նախագահեցՆ.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը։ Առաւօտեան ժամերգութեանշարականները երգուեցան առաջնորդութեամբ Բրշ. Եդուարդ Սրկ.Դաւիթեանի։ Ս. Պատարագը մատոյց Արժ. Տ. Միւռոն Աւ. Քհնյ.Այվազեան։ Ս. Սեղանին  սպասարկեցին բարեշնորհ Վարդգէս Փեստիլճեան, Սեւան Ճիւանեան, Յարութիւն Պապիկեան եւ Հայկ Քոփարեան սարկաւագները։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնկատարուեցաւ Գուրուչէշմէի Կոմիտաս Դպրաց Դաս Երգչախումբինկողմէ։

Տէրունական Աղօթքէն առաջ խօսած քարոզին մէջ,  Ամեն. Ս.Պատրիարք Հայրը անգամ մը եւս ամփոփեց Ս. Թադէոս Առաքեալի եւՍ. Սանդուխտ Կոյսի վկայութեանց եւ նահատակութեանցպարագաները։

Նորին Ամենապատուութիւնը շեշտեց, որ Քրիստոսի հետեւողհաւատացեալը ոչ միայն ըստ այնմ պիտի ապրի, այլ նաեւ օրինակովպիտի վկայէ Քրիստոսի փրկարար զօրութեան։ «Որպէսքրիստոնեաներ,» ըսաւ Պատրիարք Հայրը, «կոչուած ենք մերնախահայրերու լոյս հաւատքի վկաներն ըլլալու մեր ժամանակներունմէջ եւ այդ հաւատքը փոխանցելու նոր սերունդներուն։ Չվկայուող ուչփոխանցուող հաւատքը հետզհետէ կը տկարանայ»։

Նորին Ամենապատուութիւնը ներկայ ուխտաւորներու բազմութեանյիշեցուց նաեւ Տէր Յիսուսի խօսքը. «Ով որ խոստովանի զիս մարդոցառջեւ՝ ես ալ զինք պիտի խոստովանիմ Հօրս առջեւ, որ երկինքն է։ Իսկով որ ուրանայ զիս մարդոց առջեւ՝ ես ալ զինք պիտի ուրանամ Հօրսառջեւ, որ երկինքն է» (Մատ.Ժ.32-33)։

Ս. Պատարագի աւարտին, ինչպէս Պոլսոյ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ,այնպէս նաեւ Ռ.Հիսարի եկեղեցին՝ կատարուեցաւ պաշտօն՝ 7Յուլիսին Լոնտոնի մէջ զոհուածներու հոգիներուն հանգստեան համար։Աղօթք կատարուեցաւ նաեւ Ռ.Հիսարի եկեղեցւոյ հին եւ նորսատարողաց ննջեցեալներու եւ Մարի Էգնայեանի հոգիներուն համար։

Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին եկեղեցւոյ պարտէզին մէջսարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Նորին Ամենապատուութեան կողքին տեղգրաւած էին Շիշլիի Փոխքաղաքապետ՝ Վազգէն Պարըն, Ս. Խաչ(Դպրեվանք) Լիսէի Խնամակալութեան Ատենապետ՝ Տքթ. ԹագւորԱնան, Օրթագիւղի Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ՝ ԻսքենտէրՇահինկէօզ եւ այլ վարիչներ։ Ռ.Հիսարի Թաղային Խորհուրդի անունովհակիրճ ելոյթ մը ունեցաւ Ատենապետուհի՝ Նուրիձա Եասուլքալ։Միաբերան տոհմիկ երգեր երգուեցան։ Նորին Ամենապատուութիւնըփակման խօսքին մէջ գնահատեց ու քաջալերեց ՌումէլիհիսարիԹաղային Խորհուրդը եւ թաղեցիները, որոնք ներկայիս շուրջ վաթսունհոգի են։

110
Այնուհետեւ, Նորին Ամենապատուութիւնը այցելութիւն տուաւ երէց թաղեցիներէն Էպրուհի Քանարեանի ընտանեկան յարկը։ Ընտանիքիբոլոր անդամներ եւ ազգականներ եկեղեցիէն վերադարձած,հաւաքուեր էին Քանարեան տան դուստր՝ Սաթենիկ Նշանեանիծննդեան տարեդարձը նշելու համար (Էսաեան Վարժարանիերախտաշատ Տնօրէնուհին, որ միաժամանակ կողակիցն է Ս. ԽաչԼիսէի Տնօրէն՝ Հայկ Նշանեանի)։ Պատրիարք Հայրը սուրճ առաւՔանարեան ընտանիքին հետ, սիրեց թոռնիկները, շնորհաւորեց ՏիկինՍաթենիկի տարեդարձը եւ հրաժեշտ առաւ։

Ապա, Նորին Ամենապատուութիւնը Պետրոս Քանարեանի եւ ՀայկՆշանեանի ընկերակցութեամբ այցելեց նաեւ Ռումէլիհիսարի հայոցգերեզմանատունը, շրջեցաւ բոլոր բաժինները, քննեց պատմական հինգերեզմանաքարերու վիճակը, հանգստեան աղօթք մը կարդաց ուվերադարձաւ Պատրիարքարան։