Ս. Թադէոս – Ս. Բարթողոմէոս Եկեղեցի, Ենիգաբու

Հասցէ

(Alboyacılar Sok. No: 57, 34096Yenikapı)
Հեռ.՝ (0212) 530-0695

Այս եկեղեցին ընծայուած է մեր առաջին լուսաւորիչներուն՝ Սուրբ Թադէոս եւ Սուրբ Բարթողոմէոս Առաքեալներու անուան։ Եկեղեցւոյ հիմնարկէքը կատարուած է 1846ին Մատթէոս Բ. Չուխաճեան Պատրիարքի կողմէ։ Եկեղեցին Շնորհք Պատրիարքի շրջանին հիմնական վերանորոգութեան ենթարկուեցաւ 1969ին Թադէոս Աժտէրխանեան ամոլի եւ այլ բարերարներու օժանդակութեամբ։

Եկեղեցւոյ բակին մէջ թաղուած են՝
Բարերար Մկրտիչ Փեշտիմալճեան (վախճանած 1874ին) եւ Տիկին Մոսիկեան։

 

Քարտէս