Ս. ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԴԱՊԵՏԱՑ ՏՕՆԸ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐԱՊԷՍ ՏՕՆՈՒԵՑԱՒ ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Համայնքային

Ս. Թարգմանիչ Վարդապետներու Տօնին, 12 Հոկտեմբեր 2019, Շաբաթ առաւօտ, տօնական արարողութիւններ տեղի ունեցան Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ։ Արարողութեանց հանդիսապետեց Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան։ Արարողութեանց մասնակեցան, Հոգշ. Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան, Արժ. Տ. Տ. Գրիգոր Աւ., Սարգիս Աւ., Գէորգ Աւ., Զաքար քահանայ հայրերը։ Արարողութեանց իրենց մասնակցութիւնը բերին Իսքէնտէր Շահինկէօզի գլխաւորած թաղային խորհուրդի անդամները, Ս. Թարգմանչաց Վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ՝ Հայկ Ասլանեան, Տնօրէն՝ Արաս Տէլիճէ, ուսուցչաց կազմը, աշակերտութիւնը, ինչպէս նաեւ հաւատացեալ ժողովուրդը։

TARKMANCHATS 3

Ս. Պատարագը մատոյց՝ Պատրիարքական Աթոռոյ Դիւանապետ եւ Լուսարարապետ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան, Բրշ. Արէտ Սրկ. Փէհլիվանեան եւ դպիրներ։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան եկեղեցւոյ դպրաց կողմէ առաջնորդութեամբ եւ երգեհոնահարութեամբ՝ Բրկ. Ռոպէր Ուր. Դպ. Տօղանայի։

 

Նախ քան Տէրունական Աղօթքը, հանդիսապետ Սրբազան Հայրը քարոզեց, վեր առնելով Ս. Թարգմանիչ Վարդապետներուն վարքը։ Սրբազան Հայրը ներբողեց մեծ վարդապետաց վաստակը ըսելով. «գիտնականներ ընդհանրապէս կը միտին մարդկութեան կեանքը առաւել եւս երկարելու եւ այս ուղղութեամբ աշխատութիւններ կը տանին։ Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան կարեւորագոյն դէմքերէն Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ գտած են այն գործին գաղտնիքը, որով դարեր շարունակ կը յիշատակուին, քանի որ անոնք անմահութեան արժանացած են իրենց վաստակով։ Լաւ գիտենք թէ՝ իրենց մեծագոյն աշխատութեան շնորհիւ տէր եղանք այբուբենի եւ գրաւոր դպրութիւնը զարգացաւ մեր մօտ ու այսպեսով մշակոյթը եւս զարգանալ սկսաւ։ Պէտք է լաւ իմանալ թէ՝ առանց այբուբենի Հայ ժողովուրդը դատապարտուած էր ձուլուելու զօրաւոր մշակոյթներու մէջ։ Մեր պապերը եթէ չունենային այդ երեսունեւութ զինուորները, վստահաբար կամ Պարսկական, կամ Բիւզանդական եւ կամ Ասորական մշակոյթը պիտի խլէր մեր ինքնութիւնը։ Այսօր ինչ որ ունինք, իրենց կը պարտինք։ Հետեւաբար Թարգմանիչ Վարդապետները արժանի են փառաւորապէս յիշատակութեան։ Տեսէ՛ք այս շաբաթ, Մշակոյթի Շաբաթ է նաեւ։ Եկէ՛ք առաւել եւս մեծ ուշադրութեամբ նշենք այս կարեւոր հանգրուանը»։

 TARKMANCHATS 2

Տեղապահ Սրբազանը յիշեց նաեւ թէ՝ Օրթագիւղի վարժարանը ձօնուած է Ս. Թարգմանչաց Վարդապետաց անուան։ Հետեւաբար, այս տօնին, մեծ ուրախութիւն էր աշակերտներու, ուսուցիչներու եւ ընտանիքներու հետ ըլլալ ու Ս. Թարգմանիչ Վարդապետներու անունը միասնաբար գովել։ Այնուհետեւ, վարժարանի իւրաքանչիւր անդամին մաղթեց գործոց բարեաց յաջողութիւն։

 

Ս. Պատարագի աւարտին Հոգեհանգստեան Պաշտօն կատարուեցաւ ի հանգիստ՝ Երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքի հոգւոյն։ Յիշատակուեցան նաեւ կրթական մշակները, տեսուչները, Հայ գրչի եւ մամլոյ սպասաւորները։

TARKMANCHATS 1

Արարողութեանց աւարտին, Սրբազան Հօր նախագահութեամբ, եկեղեցւոյ սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան եւ ներկաներ համախմբուեցան սիրոյ սեղաններու շուրջ։ Այս առթիւ Տեղապահ Սրբազան Հայրը գնահատեց թաղային խորհուրդի եւ ուսուցչաց կազմի աշխատութիւնը։ Մաղթեց որ Ս. Թարգմանչաց բարեխօսութիւնը միշտ ներկայ ըլլայ, Օրթագիւղի ընտանիքին եւ Թարգմանչաց Վարժարանին վրայ։