Ս. ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԴԱՊԵՏԱՑ ՏՕՆԸ ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԷՋ

Kategori: Եկեղեցական,Կրօնական

Tarkmanchats karozՍրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց տօնը, 11 Հոկտեմբեր 2014, Շաբաթ օր Ս. Պատարագի մատուցմամբ նշուեցաւ, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ մէջ։ Արարողութեանց հանդիսապետեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան։

Արարողութեանց մասնակցեցան Պատրիարքական Աթոռոյ միաբան հայրեր, Գերման Կաթոլիկ Եկեղեցիէն Հայր Նիքոլաուս Ուիրվոլ Վարդապետը, քահայանայից եւ սարկաւագաց դասու անդամներ։ Եկեղեցին խուռներամ բազմութեամբ լեցուն էր հաւատացեալներով։ Արարողութեանց մասնակցեցան նաեւ Սահակեան – Նունեան Վարժարանի աշակերտութիւնը, իրենց տնօրէններու եւ ուսուցիչներու առաջնորդութեամբ։

Ս. Պատարագը մատոյց Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան, առընթերակայութեամբ Հոգշ. Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեանի։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան քահանայից դասու կողմէ, առաջնորդութեամբ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի։ Երգեցողութեանց մասնակցեցան նաեւ Սահակեան Դպրաց Դաս Երգչախումբի անդամներ եւ հետեւող մանուկներ։

Նախ քան Տէրունական Աղօթքը, պատարագիչ Սրբազան Հայրը քարոզեց անդրադառնալով Թարգմանիչ Վարդապետներու կատարած աշխատանքին եւ ըսաւ.
«Ներկայիս. Ս. Գիրքը աշխարհի ամենէն շատ թարգմանուած, ծախուած եւ կարդացուած գիրքն է։ Որովհետեւ գիտութեան աղբիւրն է ան։ Այսօր շատեր կը սխալին, երբ Ս. Գիրքը դարակի մը մէջ կը դնեն եւ այդտեղ առանձնութեան վիճակի կը մատնեն։ Գիտութեան հետամուտ անձեր կը կարծեն թէ գիտութեան ճամբան կ՚անցնի Ս. Գիրքէ հեռու ճամբաներէ։ Շատեր, մանաւանդ երիտասարդներ, գիտութեան ետեւէն կը վազեն,  մոռնալով մեր ամենէն կարեւոր ու կենսական գիրքը։ Ե. դարուն այս պատճառաւ սկիզբ առաւ Թարգմանչաց շարժումը։ Հայեր, ենթակայ էին Յոյներու եւ Ասորիներու մշակոյթներուն, որովհետեւ թէեւ լեզու ունէին, սակայն այբուբէն չունէին։ Ս. Գիրքը կ՚ընթերցուէր Յունարէնով եւ կամ Ասորերէնով։ Սուրբ Գրական ընթերցումներէն յետոյ այդ լեզուներուն ծանօթ հոգեւորականներ յատենի եկեղեցւոյ Հայերէնի կը թարգմանէին եւ կը քարոզէին։ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց նշմարեց ժողովուրդի կեանքէն ներս զգալի դարձած այբուբէնի չգոյութիւնը եւ մտածեց ապագայի մասին։ Հայ Ժողովուրդը մշակութային առումով կորսուելու եւ զոյգ մշակոյթներու մէջ ցուլուելու վտանգին հետ դէմ յանդիման կը գտնուէր։  Ահա այս ուղղութեամբ մտահոգութիւնն էր, որ ծնունդ տուաւ  Հայ տառերու գիւտին, Հայ Ժողովուրդի ինքնուրոյն մշակոյթին 36, ապա 38 զինուորներուն։ Այս գիւտին յաջորդեցին թարգմանչական աշխատանքներ։ Ս. Մեսրոպի եւ աշակերտները օտար լեզուներ գիտէին։ Իրենք ամէնէն մեծ յաջողութիւնը եղաւ օտար գիտութեան հետամտիլ, օտար լեզուներով ստեղծուած հոգեւոր մշակոյթի արժէքները թարգմանել եւ զանոնք հասցնել Հայ ժողովուրդին։ Այս շարժման արդիւնքով էր, որ Աստուած սկսաւ մեր ժողովուրդին խօսիլ Հայերէնով։ Գրի առնուեցան շարականներ, գիտական ու աստուածաբանական հատորներ։ Այսօր թարգմանիչ վարդապետները մեզի ունին կարեւոր թելադրութիւններ։ Մենքշ անոնց կեանքի օրինակով կը հրաւիրուինք  զանազան լեզուներ սորվուելու, այդ լեզուներով ստեղծուած գիտութեան տիրանալու, առանց մոռնալու մեր սեպհականը։ Կը հրաւիրուինք, մեր սեպհական լեզուին եւ այդ լեզուով տրուած գիտութեանց տիրանալու եւ զանոնք գործածելու յօգուտ մեր ժողովուրդին։ Այդ ընելով է, որ մենք աշակերտած կþըլլանք  Սուրբ Մեսրոպի եւ թարգմանիչ վարդապետներուն հոյլին։ Ծանօթ է, թէ մեղուն ծաղիկէ ծաղիկ շրջելէ յետոյ, կը վերադառնայ իր փեթակը, մեղր պատրաստելու։ Թարգմանիչ վարդապետները կը ներկայանան մեզի, մեղուի օրինակով։ Անոնք, ի ձեռին ունեցած գիրքերը, ի մասնաւորի Ս, Գիրքը առին եւ զանոնք հայացուցին եւ Հայ ժողովուրդին ընծայեցին։ Հայ Ժողովուրդի իւրաքանչիւր զաւակ եթէ կ՚ընդունի այս ճշմարտութիւնը, պէտք է ծառայէ այս ուղղութեամբ»։

Անդրադառնալով ոմանց պնդումին, թէ Հայեր երբ հեթանոս էին, աւելի շատ «Հայ» էին, ըսաւ. «Հարցում մը բաւարար է, անոնց այդ վարկածը չգացնելու. մեր ժողովուրդին նախ քան Քրիստոնէանալը, աւելի քան երկու հազար տարիներու հեթանոսական կեանքը ի՞նչ տուաւ Հայ ժողովուրդին։ Հայ գիրը եւ գիրով ստեղծուած գրականութիւնը, պատմութիւնը Քրիստոնէութիւնն ու եկեղեցին շնորհեց մեր Ժողովուրդին։ Ուստի մենք իրաւունք ունի՞նք մեր հայրերուն լոյս հաւատքէն հեռանալու։ Որքան ատեն որ կը հեռանանք եկեղեցիէն եւ կը տկարանանք Հայ Քրիստոնէի մեր կոչումին մէջ, այնքան ատեն կը կորսնցնենք մեր ինքնութիւնը»։

Սրբազան Հայրը նաեւ խօսք ուղղեց հոգեւորականներու եւ կրթական մշականերու. «Թարգմանչաց շարժումը յաջողեցաւ եւ ոսկեդարի դուռը բացաւ, որովհետեւ պետութիւնը, եկեղեցին եւ դպրոցը գործակցութեան մէջ էին։ Հայ Ժողովուրդը որքան ատեն որ այս գործակցութեան վրայ հաստատեց իր կեանքը, բարձրացաւ եւ ծաղկեցաւ։ Այս գործակցութեան խախտումը, պատճառ դարձաւ գլորման եւ չորացման։ Այսօր, մեր համայնքային կեանքէն ներս եւս կան այս գործակցութեան եզրերը. համայնքային վարչութիւնները, եկեղեցին եւ վարժարանը։ Անոնց գորցծակցութիւնն է, որ պիտի ծաղկեցնէ մեր համայնքային կեանքը։ Կ՚ուզեմ յիշեցնել նաեւ որ հոգեւորականը ժողովուրդին մէջէն կ՚ելլէ եւ կոչուած է անոր ծառայելու։ Ոչ ոք կատարեալ է։ Կարելի է որ մենք ալ թերութիւններ ունենանք, սակայն պէտք չէ մոռնալ թէ ժողովուրդը հոգեւորականին համար է, եւ հոգեւորականը՝ ժողովուրդին։ Ժողովուրդը, իրեն ծառայող առաջնորդներուն, վարդապետներուն, քահանաներուն, սարկաւագներուն եւ դպիրներուն կողքին պէտք է կենայ։ Ապա թէ ոչ, սպասաւորները կը մաշին եւ չեն կրնար հանգստութեամբ ծառայել։ Նաեւ կոչ կ՚ուղղեմ վարժարաններու տնօրէններուն եւ ուսուցիչներուն։ Մեր զաւակները երբ համայնքային վարժարաններու մէջ ուսում կը ստանան, իրենց պէտք է զգացնել թէ անոնք Հայ Քրիստոնեայ են։ Մեր վարժարանները ոտքի կը պահեն հաւատացեալներու հաւատքի լումաները։ Այս առումով, որքան ատեն որ մեր վարժարանները կը գործեն, պէտք է Հայերէնի եւ  Կրօնքի դասերը լաւագոյնս օգտագործել մեր զաւակներու կրթութեան համար։ Այլեւս պատրուակներ չստեղծենք։ Այսօր հանգստութիւը ունինք մեր Հայ Քրիտոնեայ ինքնութիւնը վայելելու, բաւ է որ տրամադրութիւնը ունենանք»։

Սրբազան Հայրը ապա անդրադարձաւ Մեսրոպ Սրբազան Պատրիարքի կեանքի դրուագներուն. «Վարդապետը այն անձն է որ կը ջանայ իր գիտութիւնը ուրիշներուն փոխանցել։ Երբ Շնորհք Պատրիարք Մինաս Սարկաւագին մէջ տեսաւ վարդապետի յատկութիւնը, զինքը անուանեց Մեսրոպ Աբաղայ։ Ան, մանուկներու, երիտասարդներու եւ երէցներու համար բարին բուն իմատով եղաւ վարդապետ մը։ Երկար տարիներ հովուեց, ուսուցանեց, սակայն այսօր դժբախտաբար հիւանդ է։ Բոլորս այսօր եկեղեցի եկած ենք իր առողջութեանը համար աղօթելու։ Սիրելիներ, այս Թարգմանչաց Վարդապետաց Տօնը կը տարբերի միւսներէն։ Վերջերս Ս. Միւռոնի կաթիլի մէջ յայտնուեցաւ հրաշալի երեւոյթ մը։ Կը տեսնուէր Ս. Խաչը եւ Յիսուս Քրիստոս։ Գիտենք թէ Քրիստոս Ս. Պատարագի մէջ, Ս. Աւետարանի մէջ կը յայտնուի մեզի։ Ի ժամ Ս. Պատարագի, մասնաւորաբար կ՚աղօթենք Ս. Պատրիարք Հօր համար եւ Ս. Պատարագի աւարտին պիտի այցելենք Ս. Պատրիարք Հօր եւ պիտի աղօթենք, հայցելով Ս. Միւռոնէն Աստուածային օրհնութիւն։ Տէր Աստուած ընդունի հաւատացեալներու այս բարի խնդրանքը։ Այս դժուար օրերուն մենք մասնաւորաբար տեսանք նաեւ համբերութեան օրինակը, Տիրամօր անձին մէջ։ Կ՚աղօթենք նաեւ որ Տէր Աստուած համբերութիւնը աւելցնէ Տիրամայր Մարի Մութեաֆեանի»։

badriarkՍ. Պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան աղօթքներով յիշատակուեցան վախճանեալ վարդապետները, կրթական մշակները եւ հայ գրի սպասաւորները։

Եկեղեցական արարողութիւններուն յաջորդեց եկեղեցւոյ սրահին մէջ սարքուած սիրոյ սեղանը։ Այստեղ համախմբուցան ներկայ հոգեւորականներ, Սամաթիոյ եկեղեցւոյ վարիչները եւ հաւատացեալներ։

Սիրոյ սեղանի աւարտին, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը, ընկերակցութեամբ միաբան հայրերու այցելեց Նորին Ամենապատուութեան Ս. Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոցի սենեակը։ Այստեղ բժշկութեան աղօթքներ արտասանուեցան եւ Ս. Միւռոնով օծուեցաւ Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հօր ճակատը։

  • tarkmanchats (1)
  • tarkmanchats (2)
  • tarkmanchats (3)
  • tarkmanchats (4)
  • tarkmanchats (5)
  • tarkmanchats (6)
  • tarkmanchats (7)
  • tarkmanchats (8)
  • tarkmanchats (9)
  • tarkmanchats (10)
  • tarkmanchats (11)
  • tarkmanchats (12)
  • tarkmanchats (13)
  • tarkmanchats (14)
  • tarkmanchats (15)
  • tarkmanchats (16)
  • tarkmanchats (17)
  • tarkmanchats (18)
  • tarkmanchats (19)