Ս. ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԴԱՊԵՏԱՑ ՏՕՆԻՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏԱԿԱՆ ԳԱՒԱԶԱՆԻ ՏՈՒՈՒՉՈՒԹԻՒՆ Տ. ԶԱՏԻԿ ԱԲԵՂԱՅԻՆ

Kategori: Կրօնական

11402680_463785707114651_7842564134167825195_nHayr ZadigՍ. Թարգմանչաց Վարդապետաց Տօնին, 25 Յունիս 2015, Հինգշաբթի առաւօտ, Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի Եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Հոգշ. Տ. Զատիկ Աբղ. Պապիկեանի վարդապետական աստիճանի մասնաւոր իշխանութեան տուուչութիւնը։ Արարողութեանց հանդիսապետեց եւ տուուչութիւնը կատարեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան։

Օրուան Ս. Պատարագը մատոյց Արժ. Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։ Արարողութեանց իրենց մասնակցութիւնը բերին միաբան եւ քահանայ հայրեր։

Տէրունական Աղօթքէն առաջ, կատարուեցաւ վարդապետական աստիճանի մասնաւոր իշխանութեան տուուչութիւնը, խարտաւիլակութեամբ Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեանի։ Արարողութեան աւարտին, Սրբազան Հայրը նուիրեալին յանձնեց սպիտակ շղարշով ծածկուած վարդապետական գաւազանը եւ հուսկ՝ ծաղկեայ փիլոնը։

Տուուչութեան արարողութեան աւարտին, քարոզեց հանդիսադիր Սրբազան Հայրը ու գովեց նուիրեալին հեզութիւնն ու խոնարհութիւնը։ Ըսաւ թէ Հայր Սուրբը իր հեզահամբոյր բնաւորութեամբ, շատերուն կողմէ արժանացած էր գնահատանքի եւ լռիկ մնչիկ լաւագոյնս կը կատարէր իրեն վստահուած պաշտօնները, ամենայն բծախնդրութեամբ։ Քարոզիչ Սրբազանը շնորհաւորեց Զատիկ Վարդապետը եւ մաղթեց ծառայութեան երկար տարիներ ու նորանոր յաջողութիւններ, ի շինութիւն եկեղեցւոյ։

Ս. Պատարագի աւարտին, կատարուեցաւ պաշտօն, հանգուցեալ հոգեւոր սպասաւորներու, կրթական մշակներու եւ գրչի սպասաւորներու հոգւոցն ի հանգիստ։

11265305_10153119516073702_6564444055519766167_nԵկեղեցական արարողութեանց աւարտին, եկեղեցւոյ սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան, որուն եւս նախագահեց Սրբազան Հայրը։ Զատիկ Վրդ. իր սրտի խօսքը արտասանեց եւ երախտագիտութիւնը յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրեն օգտակար եւ առաջնորդ եղած էին։ Միասնաբար արտասանուած վերջին աղօթքով, իր աւարտին հասաւ հանդիսութիւնը։

11403205_10153119516928702_951224169226036632_n