Ս. ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆԸ ՂԱԼԱԹԻՈՅ ՄԷՋ

Kategori: Եկեղեցական

tarkmanchats golodՍուրբ Թարգմանիչ Վարդապետներ՝ Ս. Սահակ Պարթեւ Հայրապետի ու Ս. Մեսրոպ Մաշտոց Վարդապետի տօնին, 10 Յուլիս 2014, Հինգշաբթի առաւօտ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ տօնակատարութիւն, հանդիսապետութեամբ՝ Գերշ. Տ. Սահակ Ս. Եպս. Մաշալեանի։ Մասնակցեցան նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Զատիկ Աբղ. Պապիկեան եւ քահանայ հայրեր։

Ս. Պատարագը մատոյց Արժ. Տ. Եղիա Քհնյ. Քէրվանճեան։ Սուրբ Սեղանին սպասարկեցին Բրշ. Արթուն Սրկ. Տամատեան եւ Բրշ. Արմենակ Սրկ. Գազանճեան։ Երգեցողութիւնը կատարուեցաւ հոգեւոր հայրերու եւ ուխտաւոր դպիրներու կողմէ, առաջնորդութեամբ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի։

tarkmanchats karozՆախ քան Տէրունական Աղօթքը, հանդիսապետ Սրբազան Հայրը քարոզեց անդրադառնալով մնայուն եւ կայուն գործ կատարելու կարեւորութեան եւ ըսաւ. «Թարգմանիչ Վարդապետները երազ մը ունէին, որ էր Աստուածաշունչը հասկնալի դարձնել ժողովուրդին։ Այս ուղղութեամբ, իրենց տքնաջան աշխատութեան, խառնեցին աղօթքը։ Աստուած օրհնեց այս աշխատանքը եւ շնորհեց Հայոց Այբուբէնը։ Թարգմանիչ Վարդապետները, յաջողութեամբ իրականացուցին այս աշխատանքը եւ Հայ Եկեղեցւոյ հիմերը ամրացուցին։ Մեր ազգին համար տարուած արդիւնաւետ այս աշխատանքին արդիւնքն է որ կը յիշուի մեր եկեղեցիներէն ներս, աւելի քան 1600 տարիներէ ի վեր։ Իրենց գործը եղաւ մնայուն,  ի փառս Աստուծոյ եւ ի վայելումն ժողովրդեան»։

Սրբազան Հայրը աւելի յետոյ յիշեց մնայուն գործեր կատարած հոգեւորական մը՝ Երանաշնորհ Գարեգին Ա. Պատրիարքը, որ իր հոգին Երկնաւոր Հօր ձեռքերուն աւանդած էր Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպի Տօնին։ Մաղթեց որ, իր նման մնայուն գործեր կատարող ուրիշ անձեր եւս ելլեն մեր եկեղեցիէն ներս։

Ս. Պատարագի աւարտին, եկեղեցականաց թափօրը ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ ներքնայարկի Ս. Ամենափրկիչ Մատուռը, ուր կը գտնուի Երանաշնորհ Յովհաննէս Բաղիշեցի Կոլոտ  Պատրիարքի դամբարանը։ Այստեղ հոգեհանգստեան աղօթքներով յիշատակուեցան Երանաշնորհ Յովհաննէս Կոլոտ եւ Գարեգին Ա. Պատրիարքները, ինչպէս նաեւ վարդապետները, կրթական մշակները եւ հայ գիրի սպասաւորներ։

Եկեղեցական արարողութիւններուն յաջորդեց եկեղեցւոյ Յովհաննէս Կոլոտ Պատրիարքի անուան ձօնուած սրահին մէջ սարքուած սիրոյ սեղան մը, որու ընթացքին հանդիսապետ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց տեղւոյն խնամակալութեան։ Ապա, Շահան Արք. Սվաճեանի անուան ձօնուած սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ շնորաւորական այլ հիւրասիրութիւն մը եւս, որու ընթացքին հանդիսադիր Սահակ Եպս.ի անուան տօնին առթիւ կարկանդակ մը կտրուեցաւ։ Ներկաներ, Նորին Սրբազնութեան մօտենալով շնորհաւորեցին զայն եւ բարեմաղթութիւններ ըրին։

tarkmanchats golod 2