Ս. ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԸ

Kategori: Եկեղեցական

74Ս. Թարգմանչաց Տօնին առիթով Ս. Սահակ Պարթեւ Կաթողիկոս եւ Ս.Մեսրոպ Մաշտոց Վարդապետ, ինչպէս նաեւ Հայ Գրերու գիւտըյիշատակուեցան Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջյատուկ հանդիսութիւններով։

16 Յունիս 2005 Հինգշաբթի առաւօտ, արարողութեանց նախագահեցՆ.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը, Ս. Պատարագը մատոյց Հոգշ. Հ.Սահակ Աբղ. Մաշալեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրշ. ՎաղարշակՍրկ. Սերովբեան, Բրկ. Սայաթ Դպ. Չնարեան եւ Արթուն Տամատեան։Իսկ երգեցողութիւնները կատարեցին ներկայ հոգեւոր հայրերը,առաջնորդութեամբ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի։

Տէրունական Աղօթքէն առաջ քարոզեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւպատմեց. «Այսօր կը տօնենք մեր ժողովուրդի պատմութեանանկիւնդարձային դէպքերէն մէկուն յիշատակը։ Աստուծոյ մեծշնորհքով իմաստուն վարիչներ, հոգեւորականներ քով քովի եկան եւայդ միասնականութեան հետեւանքով Հայ ժողովուրդին մէջՔրիստոնէութեան արմատացման եւ առաւել զօրացման համարայբուբենը գտնուեցաւ եւ այդ շրջանի բոլոր մշակութային արժէքներըթարգմանուեցան Հայերէնի։ Յատկապէս Սուրբ Գիրքը, ՍուրբՊատարագը, եկեղեցւոյ աղօթքները Հայերէնի թարգմանելովապահովեցին մեր հոգեւոր հարստութեան սերունդէ սերունդփոխանցումը։ Ս. Սահակ Կաթողիկոս, Ս. Մեսրոպ Վարդապետ, եւՎռամշապուհ Թագաւոր այս պատմական մեծ յաջողութեամբ մերլեզուն, գրականութիւնը, մշակոյթը եւ աւանդութիւններնանմահացուցին։ Այս ժառանգութիւնը պահպանելու եւ ապագայսերունդներուն փոխանցելու պարտականութիւնը մեր ուսերուն վրայէ»։

Նորին Ամենապատուութիւնը շեշտելով, թէ Թարգմանիչ Ս.Վարդապետներու յիշատակի այս օրը, Պոլսոյ մէջ տօնն է նաեւ հայուսուցիչներուն, ըսաւ. «Գիրի եւ մշակոյթի բոլոր սպասաւորներըկ՚ողջունեմ ու կը շնորհաւորեմ։ Կը մաղթեմ, որ Հայ այբուբենի գիւտին1600-ամեակը մեզ բոլորս զօրացնէ եւ առաւել կորով պարգեւէ բոլորիս։Մեր ժողովուրդի զաւակները մեր ոսկեղնիկ լեզուին պէտք է հաղորդդառնան։ Այս տարին պէտք է արժեւորենք այս ուղղութեամբ եւզօրակցինք իրարու, խանդավառուած՝ Թարգմանչաց ոգիով»։

Քարոզէն յետոյ, Ս. Պատարագը շարունակուեցաւ ու բազմաթիւհաւատացեալներ Ս. Հաղորդութիւն ստացան։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, կատարուեցաւ պաշտօն ի հանգիստ հոգւոյնԵրանաշնորհ Գարեգին Ա Պատրիարք Խաչատուրեանի, որ Թարգմանչաց տօնին հոգին աւանդած էր Երկնաւոր Հօր ձեռքերունմէջ։ Յիշատակուեցան նաեւ Հայ գիրի բոլոր հանգուցեալ մշակները,ուսուցիչներ ու վարդապետներ։
Կրօնական արարողութեանց աւարտին, Պատրիարքարանի պարտէզըսարքուեցաւ սիրոյ սեղան։