Ս. ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԻ ԽՈՐ ՎԻՐԱՊԷՆ ԵԼՔԻ ՏՕՆ ՍՈՒՐԲ ՓՐԿԻՉՄԱՏՐԱՆ ՄԷՋ

Kategori: Եկեղեցական

Մեր Հաւատքի Հօր Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Խոր Վիրապէն Ելքիտօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ 28 Մայիս 2005 Շաբաթ առաւօտՍ. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի համանուն մատրան մէջ։

Արարողութեանց նախագահեց Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը։Ս. Պատարագը մատոյց Արժ. Տ. Պսակ Աւ. Քհնյ. Թէզէնլեան։Արարողութեանց ներկայ գտնուեցան Երուսաղէմի ՊատրիարքականԱթոռի Լուսարարապետ Բարձր. Տ. Նուրհան Արքեպս. Մանուկեան,Պատրիարքական Աթոռի Լուսարարապետ Գերշ. Տ. Արամ Եպսկ.Աթէշեան եւ միաբան հայրեր։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւններըկատարեցին քահանայ հայրերը։

Տէրունական աղօթքէն առաջ քարոզեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւանդրադարձաւ մեր Հաւատքի Հօր կեանքին, մանաւանդ Խոր Վիրապիմէջ ապրած շրջանէն յետոյ պատահած զարգացումներուն, որոնցհետեւանքով առաքելահաստատ ստորերկրեայ եկեղեցին լոյս աշխարհեկած էր եւ Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետութիւնը՝ կազմաւորուած։

Նորին Ամենապատուութիւնը շեշտեց նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ ունեցածդերին կարեւորութիւնը մեր ժողովուրդի հոգեւոր եւ բարոյականվերելքին մէջ։ Թելադրեց տէր կանգնիլ եկեղեցւոյ եւ մեր մշակութայինարժէքներուն եւ միշտ մնալ հաւատարիմ մեր ժողովուրդի հայքրիստոնէական արմատներուն։

Արարողութեանց աւարտին եկեղեցւոյ շրջաբակին մէջ կատարուեցաւհանդիսաւոր անդաստան։