Ս. ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ԵՒ ԳԱԼՖԱՅԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Համայնքային

surp hac kalfayanՍ. Խաչ Դպրեվանքի խնամակալութեան ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ խնամակալութեան ատենապետ Թորոս Ալճանի եւ Գալֆայեան Վարժարանի խնամակալութեան ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ ատենապետ Տանիէլ Անթիքաճըօղլուի, 12 Սեպտեմբեր 2013, Հինգշաբթի, ժամը 11.00-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Այցելուները նշեցին որ 2013-2014 ուսումնական շրջանը պիտի սկսէր 16 Սեպտեմբեր 2013, Երկուշաբթի առաւօտ։ Տեղեկութիւններ տուին վերամուտէն առաջ կատարուած պատրաստական աշխատանքներու մասին։ Ընդունելութեան ընթացքին, գաղափարի փոխանակումներ կատարուեցան, Սկիւտարի զոյգ վարժարաններու զանազան հարցերու մասին։ Ինչպէս ծանօթ է, Գալֆայեան Վարժարանը եւ Ս. Խաչ Դպրեվանք Լիսէն համայնքային գիշերօթիկ վարժարաններ են։ Այս առումով, մասամբ կը տարբերէին միւս համայնքային վարժարաններէն։

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը իր գոհունակութիւնը յայտնեց տրուած քաղաքավարական այս այցելութեան համար։ Ընդգծեց որ, Պատրիարքական Աթոռը կը շարունակէ հովանաւորել համայնքային բոլոր հաստատութիւնները։ Նոր ուսումնական տարեշրջանի առթիւ, յաջողութիւն մաղթեց վարժարաններու կրթական մշակներուն եւ  աշակերտներուն։