Ս. ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԸ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Ս.  Խաչ Դպրեվանքի Խնամակալութեան անդամները, առաջնորդութեամբ իրենց ատենապետ Փրօֆ. Տքթ. Թորոս Ալճանի, 30 Յուլիս 2019, Երեքշաբթի, ժամը 10.00-ին, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի կողմէ։

2019 SHT

Այցելուները եկած էին շնորհաւորելու Պատրիարքական նորընտիր Տեղապահ Սրբազան Հայրը։ Անոնք տեղեկութիւններ տուին իրենց աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն մասին։

 

Տեղապահ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքավարական սոյն այցելութեան համար եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց աստուածահաճոյ եւ կրթանուէր գործունէութեանց մէջ։