Ս. ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Համայնքային

surp hacՍ. Խաչ Դպրավանքի ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ խնամակալութեան ատենապետ Թորոս Ալճանի, 2 Մայիս 2013, Հինգշաբթի, ժամը 11.30-ին այցելեցին Պատրիրարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Այցելուները տեղեկութիւն տուին Ս. Խաչ Դպրեվանքի հիմնադրութեան 60-ամեակի առթիւ մշակուած ծրագիրներու մասին։ Անոնք, յայտնեցին թէ վերջերս կազմակպուած էր Օննիկ եւ Արա Տինքճիեաններու համերգը, որ լայն արձագանգ գտած էր համայնքէ ներս։ Անոնք ըսին թէ այս անգամ հանրութեան կը ներկայանային Արա Կիւլէրի լուսանկերներու ցուցահանդէսով։ Անոնք հրաւիրեցին Նորին Սրբազնութիւնը սոյն ցուցահանդէսին, որ տեղի պիտի ունենար 11 Մայիս 2013, Շաբաթ երեկոյ։ Անոնք նաեւ տեղեկութիւն տուին 60-ամեակի աշխատանքներէ դուրս Ս. Խաչ Վարժարանի մէջ տարուած այլ աշխատանքներու մասին եւ փափաք յայտնեցին մերթ ընթ մերթ վայելել Նորին Սրբազնութեան ներկայութիւնը վարժարանի երդիքին տակ

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը իր գոհունակութիւնը յայտնեց 60-ամեակի ծիրէն ներս մշակուած ծրագիրներու մասին։ Այս առթիւ, անդրադարձաւ Տինքճեաններու համերգին առձանագրած յաջողութեան, որով համայնքի ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր Ս. Խաչ Դպրեվանքի վրայ։ Յայտնեց թէ Արա Կիւլէրի նման հանրածանօթ  լուսանկարչի մը ցուցահանդէսը եւս լայն արձագանգ պիտի գտնէր մշակութասէր հասարակութեան մէջ։ Խոստացաւ ընդառաջել հրաւէրին եւ ներկայ ըլլալ սոյն հանդիսութեան։ Նորին Սրբազնութիւնը, կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց Ս. Խաչ Դպրեվանքի ներկայացուցիչներուն, եւ խոստացաւ առ նուազն ամիսը անգամ մը վարժարան այցելել։