Ս. ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՎԱՐԻՉՆԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Համայնքային

24993639_872630492896835_6750546780655704629_nՊատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, 12 Դեկտեմբեր 2017, Երեքշաբթի, 16.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Ս. Խաչ Դպրեվանքի խնամակալները, գլխաւորութեամբ ատենապետ Թորոս Ալճանի։

Այցելուները, յայտնեցին որ 17 Դեկտեմբեր 2017, Կիրակի առաւօտ, Ս. Պատարագի մատուցմամբ հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուէր Ս. Խաչ Դպրեվանքի հիմնադիր վանահօր՝ Երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Պատրիարք Խաչատուրեանի, ինչպէս նաեւ վարժարանի հանգուցեալ կրթական մշակներուն եւ սատարողներուն հոգւոցն ի հանգիստ։ Յաւարարտ Ս. Պատարագի, Պէզճեան Սրահին մէջ, պիտի սարքուէր սիրոյ սեղան ի նպաստ Ս. Խաչ Դպրեվանքի։ Աշխարհիկ ու հոգեւոր հանդիսութեանց համար խնդրեցին Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը եւ Տեղապահ Սրբազան Հայրը հրաւիրեցին հանդիսութեանց նախագահելու։ Այս առթիւ վարժարանի գործունէութեանց մասին տեղեկութիւն տուին Սրբազան Հօր եւ գաղափարի փոխանակում տեղի ունեցաւ։ Ըստ Ս. Խաչ Դպրեվանքի ընտանիքի անդամներուն, այս տարուան հանդիսութիւնները, Դպրեվանքէ շրջանաւանտ՝ բարձրաստիճան եկեղեցականի մը նախագահութեամբ պիտի կատարուէր եւ այս մէկը առաւել եւս երջանկութիւն կը պատճառէր ընտանիքի բոլոր անդամներուն։

Տեղապահ Սրբազան Հայրը, պատրաստութեան աշխատութեանց եւ վարժարանի գործունէութեանց մասին տեղեկանալով, իր գնահատանքը յայտնեց։ Սրբազան Հայրը եւս իր ուրախութիւնը յայտնեց, քանի իր իսկ շրջանաւարտ եղած վարժարանի սիրոյ սեղանը պիտի կատարուէր եւ Նորին Սրբազնութիւնը անձամբ իր վախճանեալ ուսուցիչներն ու բարեկամները յիշատակելու առիթը պիտի ունենար։ Սրբազան Հայրը, օրհնեց Ս. Խաչ Դպրեվանքի վարիչները եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։