Ս. ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՎԱՐԻՉՆԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Համայնքային

tbrevankՍ. Խաչ Դպրեվանքի խնամակալները, գլխաւորութեամբ ատենապետ Թորոս Ալճանի, 25 Նոյեմբեր 2014, Երեքշաբթի, ժամը 10.00-ին, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Այցելուները, յայտնեցին որ 7 Դեկտեմբեր 2014, Կիրակի առաւօտ, Ս. Պատարագի մատուցմամբ հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուէր Ս. Խաչ Դպրեվանքի հիմնադիր վանահօր՝ Երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Պատրիարք Խաչատուրեանի, ինչպէս նաեւ վարժարանի հանգուցեալ կրթական մշակներուն եւ սատարողներուն հոգւոցն ի հանգիստ։ Յաւարարտ Ս. Պատարագի, Պէզճեան Սրահին մէջ, պիտի սարքուէր սիրոյ սեղան ի նպաստ Ս. Խաչ Դպրեվանքի։ Աշխարհիկ ու հոգեւոր հանդիսութեանց համար խնդրեցին Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը։

Այցելուները վարժարանի ուսման մակարդակի մասին տեղեկութիւններ փոխանցեցին եւ ուրախութեամբ յայտնեցին թէ աշակերտութեան թիւը աւելցած էր վերջին տարիներու նկատմամբ։ Վարժարանը օժտուած էր նաեւ նոր կալուածներով։ Ընդունելութեան ընթացքին, գաղափարի փոխանակումներ կատարուեցաւ Սկիւտարի զոյգ վարժարաններուն՝ Գալֆայեան Վարժարանի եւ Ս. Խաչ Դպրեվանքի համագործակցութեան մասին։

Խնամակալութեան անդամները անդրադարձան Վաքըֆներու  Խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցչի ճշդումի մասին։ Այժմու ներկայացուցիչ՝ Լաքի Վինկասի պաշտօնավարութեան շրջանը լրացած ըլլալով, պիտի ընտրուէր նոր ներկայացուցիչ մը։ Անոնք, ուրախութեամբ յայտնեցին թէ, որպէս թեկնածու պիտի առաջարկուէր խնամակալութեան ատենապետ Տիար Թորոս Ալճանը։

Նորին Սրբազնութիւնը, վարժարանի զարգացումներումներու մասին տեղեկանալով, իր գնահատանքը յայտնեց։ Ընդգծեց թէ՝ համայնքային վարժարաններու մէջ կրթական որոշ բարեփոխումներ պէտք էր կատարել, որպէսզի աշակերտներ աւելի լաւ ուսում ստանան։ Քաջալերեց կատարուած աշխատանքները եւ յայտնեց թէ Պատրիարքական Աթոռը զորավիգ պիտի կանգնէր այս ուղղութեամբ աշխատողներուն։ Անդրադարձաւ նաեւ Թորոս Ալճանի, որպէս ներկայացուցչի թեկնածութեան։ Մաղթեց որ, յետ կատարելի ընտրութեան, ան ստանձնէ պաշտօնը։ Սրբազան Հայրը,  գնահատեց Ս. Խաչ Դպրեվանքի վարիչները եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։