Ս. Խաչ Եկեղեցի, Սկիւտար

Հասցէ
(Selamsız, Kozanoğlu Sok. No: 1, 34664 Üsküdar)
Հեռ.՝ (0216) 553-0250
ֆաքս՝ (0216) 343-9802

Այս թաղին հայ բնակիչները անորոշ թուականներուն ինչ ինչ պարագաներու բերմամբ եկած են Իսթանպուլի զանազան թաղերէն ու Անատօլուի տարբեր քաղաքներէն։ 1689ին Պալատեցի Աբրահամ Քհնյ. շինել տուած է թաղին առաջին եկեղեցին։ Իսկ 1727ին Յովհաննէս Կոլոտ Պատրիարքի կարգադրութեամբ եկեղեցին վերաշինուեցաւ եւ կտակի մը օգտագործումով բակին մէջ շինուեցան երկու աղբիւրներ։

Աւելի վերջ 1779, 1781, 1782, 1785, 1790, 1808 թուականներուն հիմնական վերանորոգութեանց ենթարկուեցաւ շէնքը։ Պալատեցի Կարապետ Պատրիարքի օրով աւելի ընդարձակ հողի մը վրայ բծախնդիր յատակագիծով եւ Յովհաննէս Ամիրա Սէրվէրեանի ճարտարապետութեամբ կառուցուեցաւ քարուկիր նոր եկեղեցին։ 1830ի շինութեան իրենց բարոյական աջակցութիւնը բերին արքունի ճարտարապետ Գրիգոր Ամիրա Պալեան, Գազազ Յարութիւն Ամիրա Պեզճեան, Յարութիւն Ամիրա Նորատունկեան, Միքայէլ Ամիրա Փիշմիշեան եւ ուրիշներ։ Եկեղեցւոյ մուտքին Գրիգորիս Արքեպսկ. Ալաէթճեանին նախաձեռնութեամբ 1882ին սրբատաշ քարերով բարձրադիր զանգակատուն մը կառուցուեցաւ։ Եկեղեցին ունի հինգ դռներ ու վերնատուն մը։

1892ին Գրիգորիս արքեպիսկսպոս Ալաէթճեանի նախագահութեամբ կազմուած յանձնախումբի մը ջանքերով եկեղեցին կը վերանորոգուի։

1831ին եկեղեցւոյ բակին մէջ կառուցուած են երկու ջրամբարներ, բարերարութեամբ Սարգիս եւ Կարապետ Փիշմիշեանի. իսկ 1930ին աղբիւր մը՝ Կարապետ Օտապաշեանի բարերարութեամբ։ Եկեղեցւոյ խորհրդարանը, սրահը, յարակից շէնքերը 1950ին վերակառուցուեցան մեծանուն բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանի կողմէ։ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ տանիքը գլանաձեւ պազիլիկ ոճով է ու փայտաշէն։ Հակառակ որ եկեղեցին քարուկիր էր, ժամանակի ընթացքին տանիքը նորոգելու հարցը ծագեցաւ։ Շնորհիւ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկի կատարուեցաւ այդ նորոգութիւնը, նկատի ունենալով, որ Սկիւտար ծնած ու այդ եկեղեցւոյ մէջ մկրտուած էր մեծանուն բարերարը։ Վերջին նորոգութիւնը կատարուած է 1998ին։

Եկեղեցւոյ հիւսիսային կողմի պարտէզին մէջ կը գտնուի եկեղեցւոյ առաջին հիմնադիր՝ Աբրահամ Քահանայի դամբարանը։

Քարտէս