Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԱՌԹԻՒ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Կարճ լուրեր,Կրօնական,Համայնքային,Միջեկեղեցական,Միջկրօնական

Ամեն. Ս.Պատրիարք Սրբազան Հայրը 6 Յունուար 2020, ժամը 15.00-17.00-ի միջեւ Ս. Ծննդեան Տօնի առթիւ, համայնքային եւ թաղային մարմիններու, Քոյր եկեղեցիներու եւ համայնքներու ներկայացուցիչներու, քաղաքապետութեանց, կուսակցութեանց եւ քաղաքական գործիչներու շնորհաւորութիւնները պիտի ընդունի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի կից Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան Սրահին մէջ։

 

Իսկ Տիկնանց Կազմերու շնորհաւորութիւնները՝ 8 Յունուար 2020, Չորեքշաբթի, ժամը 15.00-ին, Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ։

 

ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅՈՑ