Ս.Ծ.Տ.Հ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Սեւ Ծովեան Տնտեսագիտութեան Համագործակցութեան Ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան Ս.Ծ.Տ.Հ Ներկայացուցչութեան նոր Խորհրդական Նաղաշ Յակոբեանի հետ 14 Օգոստոս 2018, Երեքշաբթի, 10.00-ին այցելեցին Պատրիարքարան և ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։
Տրուած ըլլալով, թէ Իկոր Մարտիրոսեանի պաշտօնավարութեան շրջանը աւարտած էր ու ան մեկնած էր Ստանպուլէն, նորանշանակ Նաղաշ Յակոբեան եկած էր փափկավարական այցելութեամբ՝ ծանօթանալու համար Աթոռին ու Համայնքին։

SEV DZOV
Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան համար ու փոխանցեց զանազան տեղեկութիւններ։ Ապա, յաջողութիւն մաղթեց իր ծառայութեան մէջ։