Ս. Կարապետ Եկեղեցի, Սկիւտար

Հասցէ
(Bağlarbaşı, Yeni Mahalle Vasiyet Sok. No: 6/3, 34664 Üsküdar)
Հեռ.՝ (0216) 553-3819
ֆաքս՝ (0216) 391-4362

Ձեռագրի մը յիշատակարանէն կը ստուգուի, թէ Ս. Կարապետ Եկեղեցին 1593էն քիչ առաջ կառուցուած էր։ Կ՚ենթադրուի որ մզկիթներու շինութեան համար Վանեցի ու Մշեցի վարպետներ եկած են Սկիւտար, եւ այդ պատճառաւ կառուցուած է եկեղեցին։ Շէնքը Վանեցի Զաքարիա Վարդապետին ջանքերով կը նորոգուի 1617ին։

Եկեղեցւոյ երրորդ վերաշինութիւնը կատարուած է 1727ին Յովհաննէս Կոլոտ Պատրիարքի շրջանին, ճարտարապետութեամբ՝ Սարգիս Խալֆայի։

Եկեղեցիին դիմացը Երուսաղիմական միաբաններու համար շինուեցաւ վանք մը, որուն վրայ նոր բաժիններ աւելցուց Երուսաղէմի Պատրիարք Գրիգոր Շղթայակիր։ Յետագային այս շէնքը փլցուեցաւ եւ Եկեղեցւոյ արեւելեան կողմը 1838ին շինուեցաւ ճեմարան վարժարանը, որ իր քովը ունէր պարսպապատ մեծ այգի մը։

Եկեղեցին, Աստուածատուր Պատրիարքի շրջանին՝ 1844 թուականին կը նորոգուի, իսկ 1887ին հրոյ ճարակ կը դառնայ։ Սակայն, 1888ին Յարութիւն Պատրիարքի օրով Մատթէոս ու Աբիկ Ունճեան եղբայրներու ծախքով կը վերակառուցուի իբրեւ քարուկիր շինուածք։ Եկեղեցւոյ շէնքը, ճակատին, աջին ու ձախին ունի երկու բարձրադիր ու քարաշէն զանգակատուներ։

Բակին մէջ կան երեք աղբիւրներ։ Եկեղեցին ունի հինգ դռներ։ Գաւիթին վրայ շինուած է երկյարկանի վերնատուն։ Եկեղեցւոյ յառաջամասին աջին ու ձախին կան երկու պահարան մատուռներ։ Այս թաղը 18 – 19րդ դարերուն մշակութային կարեւոր կեդրոն մը եղած է։ Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ քովն էր որ Կոլոտ Պատրիարք Իսթանպուլի առաջին դպրոցը բացաւ։

Եկեղեցւոյ վերջին նորոգութիւնը եղած է 2006 թուին, օծումը կատարուած ու պաշտամունքի վերաբացուած է ձեռամբ՝ Ամեն. Տ. Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի։

Քարտէս