Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

surp garabedՍկիւտարի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Զատիկ Աբղ. Պապիկեանի, 2 Յուլիս 2013, Երեքշաբթի, ժամը 16.30-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութիւնները այս տարի կը զուգադիպէին 7 Յուլիս 2013, Կիրակի, Պայծառակերպութեան Տաղաւարին։ Այցելուները, օրուան կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեանց համար խնդրեցին, Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը եւ տեղեկութիւն տուին  եկեղեցւոյ մէջ կատարուած աշխատութեանց մասին։

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը սիրով ընդառաջեց եղած խնդրանքին, կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամներուն, իրենց Աստուածահաճոյ ու եկեղեցանուէր գործունէութեանց մէջ։