Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային

Սկիւտարի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց Արժ. Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեանի, 2 Յուլիս 2018, Երկուշաբթի, ժամը 13.00-ին, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական

Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Այցելուները յայտնեցին, որ 8 Յուլիս 2018, Կիրակի, Պայծառակերպութեան Տօնն է եւ Եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը պիտի կատարուի։

SURP GARABED NGAR

Այցելուները խնդրեցին, որ Նորին Սրբազնութիւնը նախագահէ օրուան աւանդական արարողութեանց։ Անոնք տեղեկութիւններ տուին նաեւ եկեղեցւոյ եւ ինչ ինչ զարգացումներու մասին։

Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը ընդառաջեց եղած խնդրանքին, գնահատեց զիրենք, կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։