Ս. Կիրակոս Եկեղեցի, Տիարպաքըր (Տիգրանակերտ) – Ս. Սարգիս Եկեղեցի – Ս. Յակոբ Մատուռ

Հասցէ
(Yenikapı Cad. Göçmen Sok., 21200 Diyarbakır)
Հեռ.՝ (0412) 221-1819

Եկեղեցւոյ շինութեան բուն թուականը անյայտ է։ Եկեղեցւոյ մասին առաջին անգամ Ղուկաս Վարդապետ Ինճիճեանի (1758-1833) աշխարհագրութիւն գրքին մէջ կը հանդիպինք, ուր ըսուած է. «1515ին կամ 1518ին Սուրբ Թէոդորոս Մայր Եկեղեցիին մզկիթի վերածուելէն ետք, այս եկեղեցւոյ գերեզմանատան մէջն ալ կը կառուցուի սոյն եկեղեցին։ Եղած է առաջնորդանիստ եկեղեցի։ Ունէր եօթը խորաններ եւ առաստաղը փայտեայ էր։ 1722ին առաջնորդ Պետրոս վարդապետի կողմէ հիմնական նորոգութիւն տեսած է, որուն մասին պատին վրայ յիշատակարան մը կը գտնուի։ Այս քաղաքին մէջ ժամանակին մեծահարուստ հայեր կ՚ապրէին, որոնք եկեղեցին ճոխացուցած էին արծաթեղէն ու ոսկեղէն իրերով. բայց շրջան մը պատահած սովին պատճառով այս իրերը ծախուած են»։

Իսկ 1610-1615 թուականներուն Սիմէոն Դպիր Lեհացի իր «Ուղեգրութեան» մէջ եկեղեցին կը յիշէ որպէս կեդրոնական փառաւոր ու մեծ եկեղեցի, որ ունէր հինգ խորաններ։

Վերջին տեղեկութիւնները կը քաղենք Տիգրան Մկունցի «Ամիտայի Արձագանքները» գիրքէն։ Եկեղեցին 10 Յունիս 1881 թուին ամբողջութեամբ կ՚այրի, սակայն 1883ին դարձեալ կը կառուցուի։ Առաջին Համաշխարհային Պատերազմին Գերման սպաներուն համար որպէս զօրանոց կը գործածուի։ 1914ին 2000 ոսկի ծախսելով շինուած գեղեցիկ զանգակատունը տեղացիներուն կողմէ կը փլցուի։ Մինչեւ 1960 զանազան նպատակներով գործածուած է եւ ապա յանձնուած՝ տեղւոյն Հայ Համայնքին։

Եկեղեցին 2011 ծուականին ի հիմանէ կառուցուեցաւ իր համալիրով՝ բարերարութեամբ տեղւոյն Քաղաքապետութեան եւ Ստանպուլահայ ու նախկին Տիգրանակերտցի աշխարհացրիւ ժողովուրդին, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպիսկոպոսի ջանքերով եւ ձեռամբ։ Իսկ, քովնտի Ս. Յակոբ մատուռը վերանորոգուելով պաշտամունքի վերաբացուեցաւ 2012 թուականին, ձեռամբ՝ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպիսկոպոսի։ Նոյն տարին վերաշինութեամբ բացումը կատարուեցաւ նաեւ զանգակատան՝ բարերարութեամբ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհրդոյ։

Քարտէս