Ս. ԿՈՅՍ ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ԵՒ ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ԱՆՈՒԱՆ ԶՈՅԳ ՏՕՆԵՐԸ ՆՇՈՒԵՑԱՆ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԲԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ

Kategori: Եկեղեցական,Կրօնական
193

Ընտրեալդ Աստուծոյ….

Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԸ ՄԱՏՈՅՑ ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ
15 Օգոստոսի մերձաւորագոյն Կիրակին՝ 14 Օգոստոս 2005։ Պոլսոյ Պատրիարքութեան Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարը առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ կը լեցուի գումգաբուցի հաւատացեալներով եւ միւս թաղերէ ժամանող նախկին գումգաբըցի եւ ուխտաւոր ժողովրդով։ Բաղիշեցիներ, սասունցիներ, ատըեամանցիներ, կիլիկեցիներ, մալաթիացիներ, արաբկիրցիներ, տիգրանակերտցիներ, սինոբցիներ, վանեցիներ, նո՛յն երդիքին տակ, մէ՛կ ժողովուրդ եւ մէ՛կ եկեղեցի դարձած՝ համախմբուած են յարգելու հայրենատուր «օրէնք»ն ու սրբանուէր աւանդութիւնը։

Առաւօտեան ժամերգութիւնը կը կատարուի հանդիսապետութեամբ Հոգշ. Հ. Եղիշէ Աբղ. Ուչքունեանի. Բարեշնորհ սարկաւագներ՝ Ռոպէր Ք.Աքպուլութեան, Ռոյ Ք.Աթէշեան, Վարդգէս Փեստիլճեան, Վաղարշակ Սերովբեան, ուրարակիր՝ Վահէ Օհանեան, երաժիշտ Գէորգ Չամ, բազմաթիւ դպիրներ ներդաշնակօրէն կ՚երգեն զմայլելի շարականները։ Երգեցողութեան ձայնը, կարծես երկնային մեղեդի, խունկի անոյշ բուրմունքի նման, կը սաւառնի տաճարէն դուրս դէպի շրջաբակ եւ փողոց.

«Այսօր ժողովեալ սրբոցն ի միասին
երանելի Առաքեալքն եւ սուրբ Կուսանքն
ջահազգեստուք պայծառացեալք
լուցանէին զլապտերս իւրեանց.
եւ միաձայնեալ ասէին.
Օրհնեալ ես՝ Ամէնօրհնեալդ ի կանայս…»

Առաւօտեան ժամերգութեան աւարտին եռուզեռ կը տիրէ։ Գողթան Երգչախումբի անդամները, մեծ ու պզտիկ, իրենց դպրական շքեղ շապիկները հագած կ՚ուղղուին դէպի Պատրիարքարանի շքամուտքը, որուն երկու կողմերը զինուորական կարգապահութեամբ կը շարուին։ Ապա Գումգաբուի Թաղային Խորհուրդի ժրաջան անդամները կը բանան պատրիարքական եռագոյն ամպհովանին։

ՄՈՒՏՔԻ ԹԱՓՕՐԸ
Ժամը ճիշդ 10.15-ին, Պատրիարքարանի դուռը կ՚երեւի թափօրի Խաչը, որմէ զօրաւոր կերպով կը ճառագեն արեւին շողերը։ Մայր Տաճարի զոյգ զանգերը հանդիսաւոր կշռոյթով ղօղանջել կը սկսին։ Ապա կը յայտնուին սարկաւագները զգեցած՝ Յարութիւն Ամիրա Պէզճեանի կողմէ նուիրուած ծանրագին շապիկները։ Յաջորդաբար կ՚երեւին Հայր Եղիշէ Աբեղան եւ Տէր Զօհրապ Քահանան կիսազգեստ հագած։ Իրենց կը հետեւի Սրբազան Պատրիարքը՝ լրիւ զգեստաւորուած։  Երկար ու շքեղ թափօրը կը շարժի դէպի Մայր Տաճար, մինչ Կոմիտասեան բազմաձայն եղանակով կþերգուին «Խորհուրդ խորին»ն ու«Հրաշափառ Աստուած»ը։ Տաճարը լեցնող բազմութիւնը երկիւղածութեամբ կը խոնարհի ու կը խաչակնքէ երբ թափօրի Խաչն իր առջեւէն կ՚անցնի։ Ս. Պատարագը կը սկսի մեծ հանդիսաւորութեամբ։

194

Խոստովանիմ առաջի Աստուծոյ եւ Սրբուհւոյ Աստուածածնին….

Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԸ
Գումգաբուի Թաղային Խորհուրդի անդամները լրիւ կազմով, պատրիարքական Աթոռի կողքին, աջակողմեան դասին մէջ շարուած են։ Տաճարի ատեանին նման, Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի աջակողմեան մատուռն ալ լեցուած է ուխտաւոր հաւատացեալներով, որոնք բոկանալէ ետք միայն երկիւղածութեամբ կը մօտենան Հաւատքի Հօր ցածկուկ խորանին, կը համբուրեն սեղանի ծածկոցին փէշերը, կը վառեն իրենց մոմերը…։ Աստուած գիտէ միայն, թէ իրենց աղօթքներուն մէջ որո՛նց անունները կը յիշեն կամ ինչպիսի՛ խնդրանքներ կը մատուցանեն Բարեաց Պարգեւատուին։ Քշոցներու ձայնը՝ երգեցողութեան միախառնուած տակաւ կը մօտենայ։ Պատկառելի, ծանրաքայլ թափօռը պահ մը մատուռ կը մտնէ։ Պատարագիչը կ՚երեւի իր պերճ հանդերձանքին մէջ, խունկ կը մատուցանէ Ս. Լուսաւորչի խորանին։ Հաւատացեալներ խոնարհած՝ ջերմեռանդութեամբ կը ստանան Խաչի պահպանիչ օրհնութիւնը։ Թափօրը տեղատու ալիքի մը պէս կը քաշուի կþելլէ մատուռէն, կը շրջի տաճարին մէջ խաչափայլ դրօշակներով, յիշեցնելով տեսանողին՝ նախահայրերու անցած ուղին Տիգրանակերտէն մինչեւ Պաղեստին, Երուսաղէմի Վերնատունէն մինչեւ Աղբակ ու Արտազ, Արածանի ու Էջմիածին, Հացեկաց ու Օշական, Աւարայր ու Վան, Լամբրոն ու Հռոմկլա, Մասիս ու Սիս, Պիթլիս ու Պոլիս։ Համակ մշակոյթ, հայրենի բարք ու դաւանանք, չարքաշ վկայութիւն, մահուան ձորին մէջ իսկ վերապրելու կամք, եղեռնային հարուածի տակ իսկ ո՜վ համբուրելի օրհնեա՜լ հաւատք։

Պատարագիչի կուռ ձայնը կ՚ազդարարէ բուն պատարագի սկիզբը.«Օրհնեա՜լ Թագաւորութիւնն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ, այժմ եւ միշտ…»։ Մեր Փրկչին հիմնական խօսքերն առեր, հոյակապ համանուագի վերածեր են Պատարագը. Ս. Յակոբ Տեառնեղբայր, Ս. Բարսեղ Կեսարացի, Ս. Գրիգոր Նազիանզացի, Ս. Յովհան Ոսկեբերան, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Ս. Սահակ Պարթեւ, Ս. Յովհան Մանդակունի, Ս. Գրիգոր Նարեկացի, Ս. Ներսէս Շնորհալի… Կոմիտաս Վարդապետի դաշնաւորումով այլեւս հայ ժողովուրդի հաւաքական սրտին բաբախը դարձեր է, հայկական, աննման։

Ահաւասիկ նորէն կþապրուի հրաշքի պահը. Աստուած է, որ կը խօսի չքնաղ հայերէնով։ Ան, որ 1600 տարիներ առաջ ներշնչած էր Ս. Մեսրոպ Մաշտոց վարդապետին եւ Ս. Սահակ Հայրապետին, որպէսզի ճար մը գտնէին ու Իր մարգարէներուն եւ առաքեալներուն միջոցով տուած պատգամները՝ իրենց սեփական լեզուով հասցնէին հայ ժողովուրդին։ Յոտնկայս ունկնդրութեան կը յաջորդէ Հաւատոյ Հանգանակը. «Ի մի Աստուած՝ Հայրն Ամենակալ… եւ ի մի Տէր Յիսուս Քրիստոս… յԱստուած յԱստուծոյ, Լոյս ի Լուսոյ, յԱստուած ճշմարիտ յԱստուծոյ ճշմարտէ… եւ ի Սուրբ Հոգին որ էջն ի Յորդանան… եւ ի մի միայն յընդհանրական եւ առաքելական սուրբ Եկեղեցի… ի յարութիւն մեռելոց եւ ի կեանսն յաւիտենականս…»։

ՍՈՒՐԲ ՈՂՋՈՅՆ
Սրբազան Պատրիարքը, արդէն որպէս պարզ քահանայ, կþընդունի Սուրբ Ընծաներու վերաբերումը. «Օրհնեա՜լ եկեալ անուամբ Տեառն» կþըսէ եւ սկիհը երկիւղածութեամբ կը դնէ սուրբ սեղանին վրայ։ «Որ Է-նն Աստուած աստ բազմեցաւ…»։ Երկինքը երկիր իջած է արդէն։ Սարսուռի ալիք մը սուրբ սկիհէն կþիջնէ մեր մէջ, ալեկոծում մը, անտեսանելի հոսանք մը կþանցնի տաճարով մէկ եւ կ­՚անհետանայ դէպի դուրս՝ աշխարհ։ Կը փաթթուիմ, կþողջագուրուիմ քովս կեցող արենակիցներուս, դաւանակիցներուս հետ. «Քրիստո՛ս ի մէջ մեր յայտնեցաւ։ Օրհնեա՜լ է յայտնութիւնն Քրիստոսի։ Փա՜ռք Քեզ, Աստուած իմ, հազար փա՜ռք, որ հա՛յ եմ, քրիստոնեայ եմ, Սուրբ Լուսաւորչի Միւռոնին արժանացեր եմ։ Հանգի՜ստ հայրերուս տառապած հոգիներուն։ Կþերդնում ուխտս պահել մինչեւ վերջին շունչս, եւ հերթս փոխանցել սիրասուն զաւակներուս…»։

 ՎԵՐՆԱՏԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ
Սարկաւագները բարձրաղաղակ կը ձայնեն. «Ամենայն իմաստութեամբ եւ զգուշութեամբ ի վե՛ր ընծայացուցէք զմիտս ձեր աստուածային երկիւղիւ»։ Կարելի՞ է չանսալ։ Կը փշաքաղիմ երբ երգչախումբը այնքա՜ն խոր յուզումով կը սկսի սերովբէներու երգին. «Սուրբ. Սուրբ. Սուրբ. Տէր զօրութեանց»։ Յափշտակուած եմ արդէն։ Կարծես ժամանակի հոլովոյթով կþանցնիմ եւ յանկարծ աչքերս կը բանամ Վերնատան մէջ, Քրիստոս ուղղակի աչքերուս մէջ կը նայի. «Առէ՛ք, կերէ՛ք. ա՛յս է Մարմին իմ, որ վասն ձեր եւ բազմաց բաշխի….Արբէ՛ք. ա՛յս է Արիւն իմ նորոյ ուխտի, որ յաղագս ձեր եւ բազմաց հեղանի…»։  Գոհութի՜ւն եւ փառք կու տամ Տիրոջս։ Մեղապարտ անձիս տեղը Ա՛ն խաչ բարձրացաւ, իմ մեղքերս Ի՛ր վրայ առաւ, Իր արեան եւ կեանքի գինով սիրեց զիս։ Ի սպառ սիրեց անարժան մեղաւորս։ Աչքերս գետին յարած են։ Ամօթ կը զգամ։ Ինչպէ՞ս կրնամ փոխադարձել։ Կրնա՞մ։

ԿԸ ՅԻՇԵՆՔ ՄԵՐ ՄԵԾԵՐԸ
Քրիստոսի հաւատացողներէ բաղկացեալ միութիւն մը, Մեծ Ընտանիք մըն է Եկեղեցին, որ կը կոչուի նաեւ Սրբոց Հաղորդութիւն, այսինքն Աստուծոյ Խօսքով ու Սուրբ Հոգիի ներգործութեամբ սրբուած, մաքրուած, Սուրբ Աւազանի մկրտութեամբ նորոգուած անձերու մեծ հաղորդակցութիւն մը։

Այժմ ոտքի կ՚ելլենք, որովհետեւ սարկաւագները սուրբ սեղանին շուրջ շարուած՝ մէկ- մէկ յարգանքով կը յիշատակեն մեր մեծերը։ Կը տողանցեն Տէր Յիսուսի Տիրամայրը՝ Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածին, Ս.Յովհաննէս Մկրտիչ, Ս.Ստեփանոս Նախասարկաւագ, Առաքեալներ, Մարգարէներ, վարդապետներ,մարտիրոսներ, հայրապետներ, առաքելագործ եպիսկոպոսներ, շնորհազարդ քահանաներ, ուղղափառ սարկաւագներ, հայ ժողովուրդի հովիւներ եւ հովուապետներ,առաքինասէր եւ աստուածուսոյց կրօնաւորներ, սուրբ հայրեր եւ աշակերտներ, բարեպաշտ թագաւորներ եւ աստուածասէր իշխաններ։

Պատարագիչ Սրբազանը մէկ-մէկ, հատիկ-հատիկ կը յիշատակէ Պոլսոյ նախկին պատրիարքներուն անունները։ Յովակիմ Պատրիարք…. Աւետիք Եւդոկիացի, Կոլոտ Բաղիշեցի, Յակոբ Նալեան, Զաքարիա Կաղզուանցի, Խրիմեան Հայրիկ, Ներսէս Վարժապետեան, Յարութիւն Վեհապետեան, Խորէն Աշըքեան, Մաղաքիա Օրմանեան,Եղիշէ Դուրեան, Զաւէն Տէր Եղիաեան, Մեսրոպ Ա. Նարոյեան, Գարեգին Ա. Խաչատուրեան, Շնորհք Պատրիարք, Գարեգին Բ. Գազանճեան…։

Ապա կ՚աղօթենք Ամենայն Հայոց մեր Վեհափառ Հայրապետին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին համար, որ մեր Հաւատքի Հայր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի 132-րդ յաջորդն է։ Տէր իմ, ե՞րբ պիտի կրնամ Սուրբ Էջմիածին ուխտի երթալ եւ որդիական ակնածանքով համբուրել իմ Հայրապետիս Սուրբ Աջը։ Աստուած իմ, երկար, առողջ, արեւշատ տարիներ պարգեւէ Ազգիս Հայրապետին եւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի իր բոլոր գործակից սրբազաններուն եւ միաբան հայր սուրբերուն։ Պատարագիչ Սրբազանը կը յիշէ նաեւ Կիլիկեան տարագիր Աթոռի գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ Ս. Երուսաղէմի Աթոռի ծերունազարդ գահակալՆ.Ա.Տ. Թորգոմ Բ. Սրբազան Պատրիարքին անունները, որոնց առողջութեան եւ արեւշատութեան համար սրտանց կ՚աղօթեմ։ Պոլսոյ մեր Պատրիարքը՝ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Բ. Սրբազանը արդէն ի՛նքն է որ կը մատուցանէ Ս. Պատարագը։ Իր շուքը անպակաս ըլլայ մեր վրայէն։

Հաւատքի Մեծ Ընտանիքին նախորդ եւ այժմու ղեկավարներն ալ յիշելէ ետք, սարկաւագներն այժմ՝ այլեւս Մայր Տաճարը բերնէ բերան լեցնող հաւատացեալներուն կը յորդորեն աղօթել, որպէսզի Տէր Աստուած մատուցուած Ս. Պատարագի փոխարէն Ս. Հոգիին շնորհներն ու պարգեւները առաքէ։ Եւ ապա, երգչախումբն ու ժողովուրդ՝ միասնաբար կþերգենք Տէրունական Աղօթքը. «Մի՛ տանիր զմեզ ի փորձութիւն, այլ փրկեա՛ ի չարէ»։

ՍՈՒՐԲ ՀԱՂՈՐԴՈՒԹԻՒՆ
Պատարագիչ Սրբազանը ապա Սուրբ Ընծաները կը բարձրացնէ, մինչ դպիրները կը փառաբանեն. «Միայն Սուրբ, միայն Տէր….»։ Սրբազանը այս անգամ կը դառնայ եւ բոլորիս հրաւէր կþուղղէ Տիրոջ Սուրբ Սեղանին մօտենալու. «Ճաշակեսցուք սրբութեամբ։ Սա՛ է կեանք, յո՛յս յարութեան, քաւութիւն եւ թողութիւն մեղաց….»։ Երգչախումբը մեծ ոգեւորութեամբ երգել կը սկսի. «Օրհնեալ է Աստուած։ Քրիստոս պատարագեալ բաշխի ի միջի մերում։ Ալէլուիա»։ Մինչ հաւատացեալները Ս. Հաղորդութիւն ստանալու համար կարգի կը մտնեն, կը յիշեմ բանաստեղծին խօսքը եւ նորէն կը յուզուիմ. «Եկեղեցին հայկական մեծ վարագոյր մþէ բանուած՝ որուն ետեւ սկիհին մէջ կþիջնէ ինքը Աստուած, Որուն առջեւ՝ գլխահակ կուգայ իմ ազգս ամբողջ հաղորդուիլ անցեալին հաց ու գինւով կենսառողջ…»։ Ես ալ կարգի կը մտնեմ, միաժամանակ երգելով դպիրներոուն հետ. «Մատիþք առ Տէր եւ առէք զլոյս։ Ճաշակեցէ՛ք եւ տեսէք զի քաղցր է Տէր։ Ալէլուիա»։ Չէ, չեմ կրնար զրկուիլ այս շնորհէն։ Բաւական ժամանակ անցնելէ ետք, ինքզինքս Սրբազան Պատրիարքին առջեւ կը գտնեմ. «Մարմին եւ Արիւն Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի….» կþըսէ եւ լեզուիս վրայ կը ձգէ Հաղորդութեան իմ բաժինս։ Հազա՜ր փառք, Աստուած իմ, այս անգամ ալ արժանի ըրիր։

195ՔԱՐՈԶԸ
Ս. Պատարագը աւարտին հասած է արդէն։ Սրբազան Պատրիարքը իր պատգամը կու տայ Մայր Տաճարը լեցնող ժողովուրդի բազմութեան։ Հայախօս կամ ոչ, ամէն մարդ մագնիսացած կþունկնդրէ հովուապետի տօնական խօսքին, զոր կը բանայ Ս. Կոյս Աստուածածնի«Մեծացուսցէ» կոչուած ծանօթ երգէն առնուած նախադասութեամբ.«Այսուհետեւ բոլոր սերունդները երանի պիտի տան ինծի…»(Ղուկաս Ա.48)։

Քարոզիչ Սրբազանը նախ կը յիշեցնէ, որ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ դասաւորումով, տաղաւարի հինգ մեծ տօներէն մէկն է Ս. Աստուածածնի Վերափոխման Տօնը, որ ոչ միայն կը յիշատակէ Սուրբ Կոյսի մահէն ետք պատահած դէպքերը, այլ նաեւ կերպով մը Սուրբ Կոյսի անձին մէջ մեծարումն է բոլոր սուրբերուն, քանի որ սուրբերու նուիրուած ուրիշ տաղաւարի տօն չունինք։

ՍՈՒՐԲ ԿՈՅՍԸ՝ ՏԻՐԱՄԱՅՐ
Ս. Եղիսաբեթ Սուրբ Հոգիով լեցուեցաւ եւ բարձրաձայն աղաղակեց եւ ըսաւ Ս.Կոյս Մարիամին. «Օրհնեա՜լ ես դուն կիներուն մէջ, եւ օրհնեա՜լ է պտուղը քու որովայնիդ։ Այս ինչպէ՞ս կþըլլայ որ Տիրոջս մայրը ինծի կու գայ…» (Ղուկ.Ա.42,43)։ Բոլոր սերունդներ Ս.Կոյսին երանի պիտի տային ամէն բանէ առաջ այն պատճառաւ, որ Հզօրն Աստուած հրաշք կատարած էր իր կեանքին մէջ (Ա.49) եւ Կոյսը Սուրբ Հոգիի ներգործութեամբ յղացած էր (Ա.26-38)։ Այլ խօսքով, Նազովրեցի Կոյսը բոլոր կիներէն կը զատուէր Փրկչին Տիրամայրը դառնալու համար։ Քանի որ միայն Սուրբ Կոյս Մարիամն է Քրիստոսի տիրամայրութեան պատիւին արժանացողը, ուրեմն աւելորդ են մեր բաժանեալ եղբայրներուն՝ Բողոքականներուն պնդումները, թէ Մարիամ սովորական կին մըն էր, եթէ ինք չըլլար Աստուած ուրիշ ոեւէ կին մըն ալ կրնար Իր Որդիին Տիրամայրը դարձնել։ Որքան որ ալ ճիշդ ըլլայ ատիկա, որեւէ բան չի փոխեր այն ճշմարտութենէն, թէ Յիսուս Քրիստոս ծնաւ Նազովրեցի Սուրբ Կոյս Մարիամէն։

ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՕՐԻՆԱԿ
Անգամ մը երբ Յիսուս կը քարոզէր, ժողովուրդին մէջէն կին մը ձայն բարձրացուց ու ըսաւ. «Երանի՜ այն որովայնին, որ կրեց քեզ, եւ ստինքներուն, որ կաթ տուին քեզի»։ Տէր Յիսուս պատասխանեց.«Երանի՜ մանաւանդ անոնց, որոնք կը լսեն Աստուծոյ խօսքը եւ կը պահեն» (Ղուկ.ԺԱ.27,28)։ Մայր ու Որդի ահաւասիկ այս պատգամն ունէին բոլոր մարդոց համար։ Ս. Եղիսաբեթ, նկատի ունենալով Սուրբ Կոյսը այսպէս էր ըսած. «Երանի՜ անոր, որ կը հաւատայ թէ Տիրոջ կողմէ իրեն ըսուածները պիտի կատարուին» (Ա.45)։ Մանուկ Յիսուսի տաճար ընծայման ժամանակ, Սիմէոն Ծերունին այսպէս մարգարէացած էր Մարիամի մասին. «Քու հոգիէդ ալ սուր մը պիտի անցնի, որպէսզի շատ սրտերու խորհուրդներ յայտնի դառնան» (Բ.35)։ Ժամանակ պէտք էր, որ Սուրբ Կոյսը իրեն պատահածները, կամաց կամաց հասկնալ սկսէր (Բ.51), այնուհանդերձ աներեր հաւատք ունէր Աստուծոյ եւ Տէր Յիսուսի նկատմամբ։ Օրինակի համար, Կանայի հարսանիքին, երբ վստահ չէր որ Յիսուս հրաշք պիտի գործէ, Սուրբ Կոյսը սպասաւորներուն ըսաւ.«Ինչ որ ըսէ ձեզի՝ ըրէ՛ք» (Յով.Բ.1-12)։ Ասոնք Սուրբ Կոյսի բերնէն ելած վերջին խօսքերն են, որոնք արձանագրուած են Աստուածաշունչ Մատեանին մէջ։ Սուրբ Կոյսի սրտէն սուր մը անցաւ արդարեւ երբ ան խաչին ստորոտը կեցած՝ կը դիտէր խաչին վրայ գամուած իր «Որդեակ»ը։ Արդեօք կարելի՞ է երեւակայել աւելի մեծ ցաւ մօր մը համար քան այդ պահը։ Աղօթանուէր ու հաւատացեալ Կոյսին Աստուծոյ կամքին առջեւ դրսեւորած վարմունքը միեւնոյնն էր. «Տիրոջ խոնարհ աղախինն եմ ես, քու խօսքիդ համաձայն թող ըլլայ ինծի» (Ղուկ.Ա.38)։ Քրիստոնէական առաքինութիւններուն, հաւատքի, յոյսի, սիրոյ, խոնարհութեան գերագոյն օրինակն է Սուրբ Կոյսը, բոլոր ժամանակներու համար։

«ԹՈՂ ԸԼԼԱՅ»
Այս խօսքերով բացուեցաւ Հին Ուխտը։ Աստուած երբ «Լո՛յս ըլլայ»ըսաւ, լոյս եղաւ։ Այսպէս ստեղծուեցան երկինքն ու երկիրը, արեգակնային դրութիւնը, անասունները եւ ի վերջոյ Իր արարչութեան պսակը՝ մարդը (Ծննդ.Ա)։ Ադամին կինը՝ Եւա պատճառ դարձաւ որ մարդը վտարուի Աստուծոյ ներկայութենէն (Ծննդ.Գ)։ Եւա իր անհնազանդութեամբ մարդկային ցեղի անկման պատճառ դարձաւ,«յորմէ սփռեցաւ մահ ընդ տիեզերս» ինչպէս կþերգուի շարականին մէջ։ Իսկ Սուրբ Կոյս Մարիամը, Նո՛ր Եւան է, Նոր Ուխտի կինը, «Տիրոջ խոնարհ աղախինը», որ իր հնազանդ «թող ըլլայ»ով Հին Եւայի բերած «երկունքը լուծեց», «անէծքը վերցուց», Քրիստոս՝ Ճշմարիտ Լոյսը որ անկէ ծնաւ, «հերքեց առաջին խաւարը»։

ԿՈՅՍԻՆ ՎԵՐԱՓՈԽՈՒՄԸ
Սուրբ Կոյսի մահէն ետք այդպիսի հրաշալի դէպքեր պատահեցան ու տեսիլքներ տեսնուեցան իր շիրիմին մօտ, որ Առաքեալները երբ տեսան որ միայն կտաւներ մնացած էին իր գերեզմանին մէջ, Երուսաղէմի Եկեղեցին հաւատաց, որ Աստուած չէր արտօնած Սուրբ Կոյսի, Իր Միածին Որդիի Տիրամօր մարմնին ապականիլը եւ զայն վերափոխած, ընդունած էր Իր մօտ։ Հաւատոյ Հանգանակին մէջ ամէն անգամ երբ Ս. Պատարագի մասնակցինք՝ կը դաւանինք. «Հաւատամք… ի յարութիւն մեռելոց…»։ Այն ինչ որ, իբրեւ քրիստոնեաներ, կը հաւատանք թէ օր մը պիտի պատահի մեզի, արդէն իսկ պատահած է Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնի կեանքին մէջ։ Ա՛յս է որ կը նշենք Ս. Կոյս Աստուածամօր Վերափոխման Տօնին։

ԵՐԿՐԻ ՊՏՈՒՂՆ ԱԼ ԱՆԻԾՈՒԵՑԱՒ
Սրբազան Պատրիարքը իր քարոզի աւարտին կþանդրադառնայ նաեւ Խաղողօրհնէքի հնաւանդ ծիսակատարութեան։ Հին Եւայի առաջնորդութեամբ մարդը Աստուծոյ պատուիրանին դէմ մեղանչեց արգիլեալ պտուղէն ուտելով։ Այսպէս, Աստուած երկրի եւ անոր պտուղներուն վրայէն քաշեց Իր օրհնութիւնը երբ Ադամին ըսաւ.«Երկիրը անիծեալ պիտի ըլլայ քու աշխատանքիդ համար», քանի որ արարածներուն գլուխը՝ մարդը իր մեղքին պատճառաւ հոգեւոր մահը ճաշակելէ ետք, իր ծառայութեան համար ստեղծուած բնութիւնն ալ ստացած էր անէծքի իր բաժինը (Ծննդ.Գ.17)։

ՆՈՐ ԵՒԱՆ ՎԵՐՑՈՒՑ ԱՆԷԾՔԸ
Սուրբ Կոյսի, այսինքն Նո՛ր Եւայի որովայնին պտուղը՝ Յիսուս Փրկիչ՝ Աստուծոյ կողմէ մեր մահկանացու բնութեան համար ղրկուեցաւ որպէս «կեանքի ու անմահութեան պտուղ»։ Տէր Յիսուս Իր խաչելութեամբ, իբր Խաղաղութեան Պատարագ, հաշտեցուց մեղաւոր մարդը Աստուծոյ հետ։ Տէր Յիսուսի արիւնով է որ գնուեցանք ու ազատեցանք մեղքի եւ մահուան ծառայութենէն (Հռ.Ե.9)։ Վերնատան մէջ, խաչելութիւնը բացատրելու ժամանակ, Տէր Յիսուս խաղողի հիւթը Իր ձեռքն առաւ, օրհնեց ու ըսաւ. «Այս իմ արիւնս է» (Ղուկ.ԻԲ.20)։ Այս օրհնութեամբ խաղողի սեռին պատկանողները, այսինքն բոլոր պտուղները օրհնութիւն ընդունած եղան։ Ահաւասիկ, թէ ինչու Հայ Եկեղեցին Ս. Աստուածածնի տօնին է որ կը կատարէ Խաղողօրհնէքը։

ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԸ
Հուսկ, Սրբազան Պատրիարքը կþանդրադառնայ Ս. Աստուածածին Տաճարի անուան տօնին։ 1641-էն ի վեր Պոլսոյ հայ պատրիարքներուն Աթոռանիստ Մայր Տաճարն է ան։ Թէեւ անուան տօնախմբութիւնը այսօր կը կատարենք, սակայն աւանդական մատաղօրհնութիւնը սովորաբար կը յետաձգենք Հոկտեմբեր ամսուան, քանի որ սիրոյ սեղանի հասոյթը կը նուիրուի Պէզճեան Մայր Վարժարանին տարեկան պիւտճէն հաւասարակշռելու նպատակին։ Պատրիարք Հայրը կը շնորհաւորէ Թաղային Խորհուրդի անխտիր բոլոր անդամները իրենց անխոնջ աշխատանքին համար եւ իրենց կը մաղթէ յաջողութիւն իրենց ստանձնած պատասխանատու պաշտօնին մէջ։

196ԽԱՂՈՂՕՐՀՆԷՔ
Սարկաւագները հիմա է որ կը բերեն, բեմին մէջտեղը կը տեղաւորեն փոքր սեղան մը, վրան մեծկակ սկուտեղ մը խաղողի ողկոյզներով լեցուած։ Աւանդութիւնը յարգուած է. օրհնութեան համար բերուած խաղողները կուտ չունեցող տեսակէն են, ի նշան Ս. Կոյս Աստուածածնի «անսերմն յղութեան» եւ Տէր Յիսուսի որ «անապական ծնունդ» է։ Գիրքերու ընթերցումէն յետոյ, Սրբազան Պատրիարքը կը կարդայ Ս. Ներսէս Հայրապետի Խաղողօրհնէքի համար գրած երկարաշունչ աղօթքը։ Ապա, կը հասնի սպասուած պահը, եւ ամբողջ տաճարը կը յուզուի տօնական «Ալէլուիա»ներով։ Սուրբ Խաչով, Սուրբ Աւետարանով եւ օրուան շնորհներով կþօրհնուին խաղողի ողկոյզները, որթատունկերը, այգիները, տարուան պտղաբերութիւնը, խաղողի նուիրատու բարերարները «անուամբ Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ….»։

ՎԵՐՋԻՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ
Ս. Աստուածածնի Վերափոխման Տօնի կանոնական բոլոր արարողութիւնները կատարուած՝ դպիրներն ու սարկաւագները արդէն կազմած են տօնական շքեղ թափօրը։ Թաղականները դասին դուռը կը սպասեն ամպհովանին բացած։ Սրբազանը ատեան կþիջնէ եւ ահաւասիկ թափօրը կը սկսի շարժիլ։ Հաւատացեալներ կը խուժեն ձեռաց խաչն ու պատրիարքի օծեալ Ս. Աջը համբուրելու համար։ Այնքա՜ն ախորժալուր է դպիրներու երգած Վերափոխման շարականը.«Այսօր ժողովեալ սրբոցն…»։ Մայր Տաճարի զոյգ զանգերը զուարթաբար կը հնչեն կարծես ձայնակցելու համար կրկներգին.«Օրհնեալ ես՝ Ամէնօրհնեալդ ի կանայս…»։ Թափօրը կþուղղուի դէպի Պատրիարքարան, մինչ դպիրները կը սկսին ուրիշ շարական մը երգել. «Այսօր քահանայապետ ճշմարիտ….»։ Սրբազան Պատրիարքը  սանդուղներէն կը բարձրանայ, շքամուտքին առջեւ կանգ կþառնէ, կը դառնայ եւ «Պահպանիչ» աղօթքով վերջին օրհնութիւնը կու տայ Պատրիարքարանի առջեւ հաւաքուած ժողովուրդի բազմութեան։ Մինչեւ ոսկորներուս ծուծը կը զգամ Գողգոթայի բարձունքէն ու Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Աջէն հասնող առատ օրհնութիւնը։ Փա՜ռք Քեզ, Տէր։ «Բարեխօսութեամբ մօր քո եւ կուսի … միշտ անշարժ պահեա՛ զԱթոռ Հայկազնեայս»։Աստուած գալ տարուան արժանի ընէ բոլորս։ Ամէն։

ՈՒՐԱՐԱԿԻՐ ԹՂԹԱԿԻՑ