Ս. ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆ ԵՒ ԳԱՅԵԱՆԵԱՆ ԿՈՅՍԵՐԸ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԵՑԱՆ

Kategori: Եկեղեցական

Սրբոց Հռիփսիմեանց Կուսանաց յիշատակը տօնախմբուեցաւ ՍուրբԱստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։ Արարողութեանցհանդիսապետեց Հոգշ. Հ. Սահակ Աբեղայ Մաշալեան։ Իսկ Ս.Պատարագը մատոյց Արժ. Տ. Պսակ Աւ. Քահանայ Թեզենլեան։

Ի ժամ Սուրբ Պատարագի, Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը քարոզեցբացատրելով Սրբոց Հռիփսիմեանց Կոյսերու վարքը եւ անոնց ունեցածդերը Հայոց դարձին մէջ։

Ս. Պատարագի աւարտին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ ԹաղայինԽորհուրդն ու տիկնանց կազմը սիրոյ սեղան մը սարքեցին ի պատիւներկայ հոգեւորականներու։

*

Նոյն առիթով, Պիւյիւքտէրէի Սրբոց Հռիփսիմեանց Եկեղեցւոյ մէջ ՍուրբՊատարագ մատոյց Արժ. Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեան։