Ս. Հրեշտակապետաց Եկեղեցի, Պալաթ

Հասցէ
(Kamış Sok. No: 2, 34087 Balat)
Հեռ.՝ (0212) 521-6960

Իսթանպուլի գրաւումէն յետոյ, երբ կարգ մը Յունական եկեղեցիներ մզկիթի կը վերածուէին, կարգ մը եկեղեցիներ ալ հայերու փոխանցուեցան։ Ասոնցմէ է Պալաթու Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցին, որ հայերու փոխանցուեցաւ 1628ին։ Փոխանցման թուականին մասին կան նաեւ երկու տուեալներ։ Երուսաղէմի Գրիգոր Պարոնտէր Պատրիարքի յիշատակարանին համաձայն, եկեղեցին փոխանցուած է 1631ին, իսկ Երեմիա Չէլէպիի համաձայն՝ 1636ին։ Եկեղեցւոյ յանձնումէն յետոյ նորոգութեան գործին հսկեցին Արիստակէս վարդապետ եւ Տիվրիկցի Աստուածատուր Պօլպօլճի։

Եկեղեցին 1692ին ծագած հրդեհէն վերջ կայսերական հրամանագրով վերակառուցուեցաւ ու ծառայեց որպէս ուխտատեղի։ Եկեղեցին 1729ին հրոյ ճարակ դարձաւ Պալաթու նշանաւոր հրդեհին։ Ապա փայտաշէն կերպով կառուցուեցաւ ճարտարապետ Մէլիտոն Աղայէ։ Օծումը կատարուեցաւ Յովհաննէս Կոլոտ Պատրիարքի ձեռամբ, 1730ին։

Պալաթու մէջ ծագած իրերայաջորդ հրդեհներէ ետք դարձեալ փայտաշէն կերպով վերակառուցուեցաւ եկեղեցին։ Երբ շէնքը վերջին անգամ 1827ին դարձեալ հրդեհի զոհ գնաց, եկեղեցին հինգերորդ անգամ Սուլթան Մահմուտ Բ.ի հրովարտակով, ապագայ հաւանական հրդեհներու վտանգը կանխարգիլելու նպատակով այս անգամ կառուցուեցաւ քարուկիր կերպով։ Իսկ բացումը կատարուեցաւ 1835ին Ստեփանոս Պատրիարքի կողմէ։

1900ին հրոյ ճարակ դարձած Քարակէօմրիւկի Ս. Յովհան Ոսկեբերան Եկեղեցւոյ Չարխափան Սուրբ Աստուածամօր սրբանկարը Մաղաքիա Պատրիարքի տնօրինութեամբ փոխադրուած է Պալաթու եկեղեցին, ուր աւագ խորանի աջակողմեան խորանին մէջ տեղադրուած է։ Խաչվերացի տաղաւարի նախօրեակին՝ շաբաթ օրը հաւատացեալներ կը դիմեն եկեղեցի եւ կը կատարեն իրենց ուխտի աղօթքը, ինչպէս անցեալին տեղի կ՛ունենար Քարակէօմրիւկի Եկեղեցւոյ մէջ, որ ծանօթ էր «Փոքր Արմաշ» անունով։

Եկեղեցւոյ լուսաղբիւրին մէջ ամփոփուած են Սուրբ Արտէմիոս ու Սուրբ Փեբրոն վկաները, որոնց մասունքները ի յայտ եկան 2006 թուականին լուսաղբիւրին մէջ կատարուած բարեզարդման աշխատանքներու ընթացքին։

Եկեղեցւոյ վերջին նորոգութիւնը եղած է 2005 թուականին, օծումը կատարուած ու պաշտամունքի վերաբացուած է ձեռամբ Ամեն. Տ. Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի։

Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ թաղուած են՝
Թադէոս Արքեպիսկոպոս Թրակացւոյ (1810-1875)
Մահտեսի Մկրտիչ Էֆէնտի Անդրէասեան (վախճանած 1885ին)։

Քարտէս