Ս. ՄԻՒՌՈՆԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾԻՆԷՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՒԵՑԱՒ ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային

12080333_497283693764852_7563348750227238193_o12039142_497283680431520_920586476467935155_o
Անցեալ Կիրակի, 27Սեպտեմբեր, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի ձեռամբ օրհնուած էր Սրբալոյս Միւռոնը։ Սոյն հոգեպարար արարողութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ զաւակներուն համար եղած էր հոգեւոր մխիթարութեան առիթ։ Յետ արարողութեան, Ս. Միւռոնը ուղարկուած էր աշխարհի չորս կողմերու Հայ Եկեղեցիներուն։ Այսպէս, Ս. Միւռոնը, հասաւ նաեւ Պատրիարքական Աթոռոյս։

Ամէն միւռոնօրհնութեան արարողութենէ յետոյ նորօրհնեալ Ս. Միւռոնի «Հրաշափառ»ի արարողութեամբ Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցի վերաբերումը կանոնականացած աւանդութիւն մըն էր Պոլսոյ Պատրիաքական Աթոռի հոգեւոր դասուն համար։

12094977_497283670431521_6592724945242754874_o
Ս. Միւռոնը, 1 Հոկտեմբեր 2015, Հինգշաբթի, կատարուած «Հրաշափառ»ի արարողութեամբ, վերաբերուեցաւ Աթոռանիստ Մայր Տաճար, ուր համախմբուած համայնքային հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ եւ Պոլսահայ հաւատացեալներ եւս ապրեցան յուզումնալի պահեր։

Արարողութեան հանդիսապետեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան։ Ներկայ էին Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան, Պատրիարաքական Աթոռոյս միաբաններ եւ քահանայ հայրեր։ Ժամը 11.00-ին, ի ներկայութեան բազմաթիւ հաւատացեալներու, Աթոռանիստ Մայր Տաճարի զոյգ զանգակները կ՚աւետէին նորօրհնեալ Ս. Միւռոնի գալուստը։ Հոգեւորականաց դասու անդամներու կազմած թափորը, ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ խորանը։12087307_497283683764853_2756987202935226102_o

Կատարուած կարճ ժամասացութենէ յետոյ, քարոզեց Արամ Արքեպս. եւ բացատրութիւններ տուաւ Ս. Միւռոնի մասին։ Յիշեցուց թէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Հայրապետի ձեռամբ երրորդ Միւռոնօրհնութիւնը կատարուած էր։ Յանուն Պատրիարքական Աթոռի, առաջին արարողութեան մասնակցած էր՝ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հայրը, երկորդին՝ Երջանկայիշատակ Շահան Արքեպս.ը, իսկ վերջինին մասնակցելու պատիւը իրեն վիճակած էր։ Ըստ Սրբազան Հօր, այս տարի կատարուած արարողութիւնը կը տարբերէն նախորդներէն, մասնակից ուխտաւորներու բազմութեամբ։ Յետոյ յիշեցուց Ս. Միւռոնի կարեւորութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ համար։ Ս. Հոգիի խորհրդանիշն էր Ան։ Թելադրեց հաւատարիմ մնալ Ս. Միւռոնի միջոցաւ ստացուած շնորհներուն։
Այսուամենայնիւ, Նորին Սրբութեան օրհնութիւնն ու հայրական ողջոյնները փոխանցեց Պոլսահայ հաւատացեալներուն։ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձած էր Պոլսահայոց եկեղեցասիրութեան, աւանդապահութեան։ Նորին Սրբութիւնը մաղթած էր, որպէսզի նոյն պատնեշի վրայ մնան եւ շարունակեն ապաւինիլ Աստուծոյ։

12039566_497283650431523_4721366976686092158_nՔարոզի աւարտին կատարուեցաւ «Ջրօրհնէք»ի արարողութիւն։ Հանդիսադիր Սրբազան Հօր, արտասանած «Պահպանիչ»ով եւ միաբերան երգուած «Տէրունական Աղօթք»ով վերջ գտաւ «Հրաշափառ»ի արարողութիւնը։

Արարողութեան աւարտին, ներկայ ուխտաւորներ երկիւղածութեամբ ու հոգեւոր շնորհներու մէջ առատանալու հաւատքով եւ յոյսով մօտեցան Ս. Միւռոնով օրհնուած ջուրին։ Մինչ այդ, կազմուած թափորը շարականներու երգեցողութեամբ ուղղուեցաւ դէպի խորհրդարան։

Այսպէս, Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ սրբաբոյր երդիքին միացաւ նորօրհնեալ Ս. Միւռոնի շնորհաբեր ներկայութիւնը։

Նկար՝ Մկրտիչ Արծիւեան