Ս. Յարութիւն Եկեղեցի, Գումգաբը Դուրս

Հասցէ

Çakmak Taşı Sok. No: 31, 34126 Kumkapı

Հեռ.՝ (0212) 458-1733

Այս թաղին հայ բնակիչները Պոլսոյ գրաւումին յաջորդող շրջանին Անատօլուէն բերուելով տեղաւորուած էին։ Իրենց զբաղմունքն էր ձկնորսութիւն եւ մակոյկավարութիւն։ 1832ին կայսերական հրովարտակով թաղին մէջ «Քահանայի Տուն» անուամբ աղօթատեղի մը կառուցուեցաւ, հանդերձ մկրտարանով։ Յետագային Յարութիւն Ամիրա Պեզճեանի ձեռք բերած արտօնութեամբ մատուռը ընդարձակուելով եկեղեցիի վերածուեցաւ, որուն քովը կառուցուեցաւ Պօղոսեան-Վառվառեան վարժարանը, ընծայուած՝ Յարութիւն Ամիրայի ծնողքին Պօղոսի եւ Վառվառէի անուններուն։ Պէզճեանի մահէն ետք թէեւ փողերանոցի վարպետները իրենց միջեւ դրամ հաւաքած էին, Ս. Յարութիւն անունով եկեղեցին կանգնելու համար, սակայն հաւաքուած գումարը Գերագոյն Ժողովի որոշումով փոխ կը տրուի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ շինութեան համար։ 1855ին կը ստացուի շինութեան հրովարտակը եւ դարձեալ կը ձեռնարկուի հանգանակութեան եւ նոյն տարին հիմնարկէքը կը կատարուի Յակոբոս Պատրիարքի ձեռամբ։ Նոյն տարին շինութիւնը աւարտելով պաշտամունքի կը բացուի։

Եկեղեցւոյ խորանին անմիջապէս ետեւը կը գտնուի բիւզանդական պարիսպին յետնեալ մասը, որ պահուած է պատշաճ նորոգութեամբ։

Եկեղեցւոյ յարակից Պօղոսեան-Վառվառեան վարժարանը այժմ փակուած է եւ կ՚օգտագործուի համայնքային ձեռնարկներու համար։

Եկեղեցւոյ բակին մէջ թաղուած են եկեղեցւոյ բարերարներէն՝
Յակոբ Պէյլէրեանի աղջիկը՝ Տիկին Մաքրուհի Էսայեան     1846-1876
Կարապետ Նշաստաճեան՝             վախճանած 65 տարեկանին՝ 1880ին
Յակոբ Պէյլէրեան՝ վախճանած             1865ին
Գէորգ Ամիրա Փափազեան՝            վախճանած 78 տարեկանին 1883ին
Իզար Կարապետեան                 վախճանած 60 տարեկանին 1874ին
Թագուհի Հունուտճեանց՝                 վախճանած 1869ին

Քարտէս