Ս. Յովհաննէս Եկեղեցի, Նառլըգաբու

Հասցէ(Narlıkapı Cad. No: 150, 34107 Narlıkapı)
Հեռ.՝ (0212) 585-9341, (0212) 585-8867
Ֆաքս՝ (0212) 588-5470

Կառուցուած է 1807ին Յովհաննէս Չամաշըրճեան Պատրիարքի օրով։ Այնտեղ կը գտնուէր Նառլըգաբուի Հիւանդանոցը։ Կարապետ Ամիրա Ազնաւուրեանի գլխաւորութեամբ Պաշպազիրկեան Միւթէվէլլի Մահտեսի Յովհաննէս Աղա եւ բարեսէր ազգայիններ ձեռք ձեռքի տալով կառուցած են եկեղեցին։ Առաջին անգամ նորոգութեան ենթարկուած է 1835ին։ Նախապէս ծովուն ալիքները կը ծեծէին եկեղեցւոյ պատերը, բարեբախտաբար 1955ին շինուած մայր կպրուղին եկեղեցին անջատեց ծովէն։ Շնորհք Պատրիարքի շրջանին, 1962ին, քարակերտ ոճով շինուեցաւ, ճարտարապետութեամբ Եդուարդ Շահպազի։ Օծումը կատարուեցաւ 1964ին։ Մուտքին վրայ կառուցուած է ծովահայեաց սրահ մը։ Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի հիմնարկութենէն առաջ այս եկեղեցւոյ ներքնայարկը կը գտնուէր հիւանդանոց-յիմարանոց մը, ուր մտային հիւանդներ կը դարմանուէին անյարմար պայմաններու մէջ։ Անգամ մը պաշտամունքի միջոցին լսուած են աղիողորմ ճիչեր եւ Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան անհանգստանալով այս տխուր դէպքէն, կը յղանայ նոր հիւանդանոց մը հաստատելու գաղափարը, զոր իրականացնելով համայնքը կ՚օժտէ Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցով։

Եկեղեցւոյ վերջին նորոգութիւնը կատարուած է 2006ին եւ պաշտամունքի բացուած՝ ձեռամբ Ամեն. Տ. Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հօր։

Քարտէս