Ս. ՆԵՐՍԷՍ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԵՑԱՒ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՎՐԱՅ

Kategori: Եկեղեցական

Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի՝ երէց որդին Ս. Վրթանէսի գծով չորրորդսերունդի թոռն ու 1600ամեայ Հայ գրերով Աստուածաշունչ ՄատեանըՀայերէնի թարգմանող Ս. Սահակ Պարթեւ Հայրապետի հայրը Ս.Ներսէս Մեծն Պարթեւ Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյմէջ յիշատակուեցաւ յատուկ հանդիսութիւններով։

52

(Եասսըատա այցելող ուխտաւորներէն խումբ մը Պատրիարք Հօր հետ։ Իրենց ետեւը՝ հեռուն՝ Գնալը Կղզին)

4 Յունիս Շաբաթ առաւօտ, արարողութեանց նախագահեց Ն.Ա.Տ.Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը, Ս. Պատարագը մատոյց Արժ. Տ. ԵղիաՔհնյ. Քէրվանճեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Արժ. Տ. Պարգեւ Քհնյ.Նալպանտեան եւ Արթուն Տամատեան։ Իսկ երգեցողութիւններըկատարեցին ներկայ հոգեւոր հայրերը, առաջնորդութեամբ Արժ. Տ.Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը քարոզին մէջ Ս. Ներսէսի վարքէնօրինակներ բերաւ, որոնցմէ այսօր ալ կարելի է դասեր քաղել։ Ան,Հայոց պատմութեան մէջ պիտի յիշուի ոչ միայն իբր Սուրբ Հայր մը,այլ նաեւ որպէս ընկերային սպասարկութեան մարզի բարեկարկիչ։ Ս.Ներսէս 353 թուականին կաթողիկոս ընտրուեցաւ, երբ տակաւին 25տարեկան էր եւ վախճանեցաւ 43 տարեկանին, սակայն իրհեղինակաւոր գործքը եւ դրած կանոններն իրենց այժմէականութիւնըկը պահեն մինչեւ այսօր։

Օրինակ. աղքատանոցներ, հիւանդանոցներ, յատկապէս փոխանցիկհիւանդութիւններէ ու բորոտութենէ վարակուողներու համարմասնաւոր բուժարաններ, ճամբորդներու համար կայարաններ,կուսակրօն հոգեւորականներու համար եղբայրանոցներ, իսկեպիսկոպոսներու համար առաջնորդարաններ հիմնեց։ Արգիլեց նաեւմերձաւոր ազգականներու ամուսնութիւնը, սուգի ծայրայեղարտայայտութիւնները։ Իշխաններու եւ մեծատուններուն կանոն դրաւմարդավայել վերաբերում ցոյց տալու աշխատաւորներու նկատմամբեւ չբռնաբարել իրենց մարդկային իրաւունքները։ Բացաւ ասորերէն ույունարէն լեզուներով վարժարաններ, ուր պայման դրաւ որմասնաւորաբար հոգեւորականներ վարժ դառնան թարգմանչականարուեստին։

Երբ Արեւելեան Հռոմի մայրաքաղաք Պոլիս այցելեց, ընդդիմացաւՄակեդոնի աղանդին, որ այն ժամանակ ի պատուի էր կայսերականպալատին մէջ ու այս պատճառաւ ինն ամիս աքսորուեցաւ Մարմարածովու Իշխանաց կղզեշղթայի Փլաթի կղզեակը (այժմու անունով՝Եասսըատա)։ Յաջորդ կայսեր՝ Մեծն Թեոդոսի կողմէ աքսորէն յետսկոչուեցաւ ու Պոլիս բերուեցաւ, ուր արժանացաւ շքեղ պատուասիրութեան եւ բարձր պատիւներով վերադարձաւ Էջմիածին։

Հայոց Արշակ Բ եւ Պապ թագաւորներու օրով պալատիխարդաւանքներէն նեղուած, երիտասարդ տարիքին հիւանդացաւ ու 43տարեկանին իր հոգին Երկնաւոր Հօր ձեռքերուն մէջ աւանդեց։ Ըստոմանց, վախճանեցաւ Պապ Թագաւորի կողմէ թունաւորուելէ ետք։

Քարոզէն յետոյ Ս. Պատարագը շարունակուեցաւ ու բազմաթիւհաւատացեալներ Ս. Հաղորդութիւն ստացան։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, Տքթ. Յարութիւն Տիմիճիօղլուիգլխաւորութեամբ Կղզեաց Թաղային Խորհուրդը դէպի Եասսըատաշրջապտոյտ մը կազմակերպած էր, որուն մասնակցեցան շուրջ 50հոգի։ Խումբը Եասսըատայի վրայ շրջեցաւ ու անգամ մը եւսյիշատակեց Ս. Ներսէս Մեծ Հայրապետը, որ այստեղ աքսորուած էր։Աղօթքով յիշատակուեցաւ նաեւ Տքթ. Զաքար Դարվէր, որ նախկինվարչապետ Ատնան Մենտէրէսի հետ այս կղզին բանտարկուած ուայստեղ նահատակուելով աւանդած էր իր հոգին։