Ս. ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ ՇՔԱՆՇԱՆԻ ՅԱՆՁՆՈՒՄ ՍԵՒԱՆ ՊԸՉԱՔՃԸԻ

Kategori: Համայնքային,Փաստաթուղթեր

badiarkaran logoՄեր հոգեւորական դասուն, համայնքային եւ թաղային մարմիններուն ու հաւատացեալ ժողովուրդին կը ծանուցուի, թէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, ընդառաջելով Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Աթէշեանի խնդրանքին, «Ս. Ներսէս Շնորհալի Շքանշան»ի շնորհմամբ բարձր գնահատած է համայնքիս բարերարներէն Տիար Սեւան Պըչաքճըն, որ որպէս հանրածանօթ ոսկերիչ, իր արուեստին մէջ ձեռքբերած է միջազգային չափանիշով յաջողութիւններ, պատիւ բերելով իր ժողովուրդին։

Նորին Սրբութեան սրբատառ կոնդակի ընթերցմամբ շքանշանը պիտի յանձնուի 24 Նոյեմբեր 2013, Կիրակի, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ,  ի ժամ Ս. Պատարագի,  ձեռամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հօր։

Սիրով կը հրաւիրուին համայնքային, թաղային մարմիններու, մամլոյ ներկայացուցիչները եւ  հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու սոյն արարողութեան։

ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ