Ս. Նիկողայոս Եկեղեցի, Թօփգաբու

Հասցէ
(Sulukule Cad. Posta Yolu Sok. No: 159, 34093 Topkapı)
Հեռ.՝ (0212) 523-6582
Ֆաքս՝ (0212) 523-2124

Ձեռագրի մը յիշատակարանին համաձայն այս եկեղեցին 1630ին արդէն իսկ գոյութիւն ունեցած է, նոյն թաղի Յունական թաղամասի Այիա Նիքոլա անուն տաճարին մօտ։ Յովհաննէս Չամաշըրճեան Պատրիարքի շրջանին՝ 1811ին տրուած կայսերական հրովարտակով Սուլթան Սէլիմ Գ. կը հրահանգէ, որ ժամերգութեանց կատարման արգելք հանդիսացողներ ետ կենան իրենց ապօրինի վարմունքէն։

Ըստ արձանագրութեանց, 1813ին ձեռնարկուած է եկեղեցւոյ շինութեան։ 1823ին Եկեղեցին երկրորդ անգամ վերաշինուած է, իսկ 1832ին՝ եկեղեցին երրորդ անգամ կը վերաշինուի եւ կ՚օծուի։ Վերջին շինութեան համար Ստեփանոս Պատրիարք Աղաւնի 1831ին կը դիմէ Սուլթան Մահմուտ Բ-ին, որպէսզի արտօնէ խարխուլ եկեղեցւոյ վերաշինութիւնը։

Նոր եկեղեցին կը կառուցուի Վարդան Խալֆա Թընկըրեանի ճարտարապետութեամբ։ Այդ շրջանին ժողովուրդը, թէեւ իր միջեւ հանգանակութեան դիմած էր, սակայն ձեռք ձգուած գումարը անբաւարար ըլլալով, կարելի չէր եղած դիմագրաւել եկեղեցւոյ շինութեան ծախսը։ Ահմէտ փաշա մզկիթին իմամը հաճը Գայիմ Էֆէնտի այդ շրջաններու մզկիթներէն եւ իսլամ խանութպաններէն դրամ հաւաքելով կ՛ապահովեն 8500 ղրուշի փոխառութիւն մը, որով կ՛ամբողջանայ շինութիւնը։

Ապա, 1894ի մեծ երկրաշարժէն վնասուած եկեղեցին կրկին նորոգուեցաւ։ Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի շրջանին միջոց մը զինուորական իշխանութեան կողմէ գործածուած եկեղեցին, հիմնական նորոգութեամբ մը վերաբացուեցաւ 1927ին, ձեռամբ Մեսրոպ Ա. Նարոյեան Պատրիարքի։ Եկեղեցին 1987ին կրկին նորոգուեցաւ։

Եկեղեցւոյ վերջին նորոգութիւնը տեղի ունեցաւ 2000 թուականին եւ օծուելով պաշտամունքի վերաբացուեցաւ ձեռամբ Գերշ. Տ. Արամ Ս. Արքեպիսկոպոսի։

Քարտէս