Ս. ՈՍԿԵԲԵՐԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԳՐԱԴԱՐԱՆԻ ԲԱՑՈՒՄ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային,Միջեկեղեցական

Ս. Յակոբի Տօնին առթիւ, 15 Դեկտեմբեր 2019, Կիրակի առաւօտ, Թաքսիմի Ս. Ոսկեբերան Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ մատոյց Վիճակաւոր Արհի. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեան Գերապայծառը։

 

Յաւարտ Ս. Պատարագի, նոյն եկեղեցւոյ համալիրին մէջ բացումը կատարուեցաւ նորահաստատ գրադարանին։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Գերյ. Հ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան, որմէ ետք դաշնակի վրայ Կոմիտասեան մեղեդիներ նուագեց Աննա Ուղուրլեան, իսկ տուտուկով հայ ժողովրդական երգեր նուագեց Գերյ. Հ. Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆըրաթեան։

2019 VAGHARSAG

Հուսկ բանքը արտասանեց Արհիապատիւ Գերապայծառը եւ ներկաներու ուշադրութիւնը հրաւիրեց այն իրողութեան վրայ, որ ամէն եկեղեցի իր գրադարանը պէտք է ունենայ։ Ահա այս պակասն է, որ լրացնելու համար աշխատած է Հ. Վարդան Ծ. Վրդ. եւ Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ վարչութեան նիւթական զօրակցութեամբ պատրաստուած է այս փոքր կեդրոնը։ Պատրիարքական Աթոռս եւ Արաս Հրատարակչատունը սիրով ընդառաջած են եղած հրաւէրին ու իրենց հրատարակութիւններով  սատարած են նորահաստատ գրադարանի հարստացման։ Գերապայծառը շնորհակալութիւն յայտնեց ու շնորհաւորեց արուեստագէտներուն, ներդրում ունեցողներուն եւ մասնակիցներուն։ Ապա աղօթքով բացումը կատարեց գրադարանին։

 

Սոյն հանդիսութեան յանուն Աթոռոյս մասնակցեցաւ Հրատարակչական բաժանմունքէն Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան, որ յանձնեց վերջին տարիներու ընթացքին նոյն բաժանմունքի հրատարակած մեծ ու փոքր հատորները։