Ս. ՊԱՊԸ ՊԱՏԱՐԱԳԻ ԱՒԱՐՏԻՆ ՈՂՋՈՒՆԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ

Kategori: Միջեկեղեցական

Բենեդիկտոս ԺԶ. կը յառաջանայ դէպի քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչները

 

251

Պատրիարք Հայրն ու Գարեգին Սրբազան կը հետեւին արարողութիւններուն

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը, Կարլ Լեհման եւԵոախիմ Մայզնէր կարտինալներուն կողմէ հրաւիրուած էրմասնակցելու Քահանայապետական Ս. Պատարագին ՄառիէնֆէլդիԽորանբլուրին վրայ, 21 Օգոստոս 2005, ժամը 10.00-ին։

252

Մեսրոպ Պատրիարք ու Բենեդիկտոս Պապ զիրար կ՚ողջունեն։

Նորին Ամենապատուութիւնը, ուղեկցութեամբ Արժ. Տ. Տրդատ Քհն.Ուզունեանի, Բերնդ Մուսսինկհոֆի եւ Ճէյսի Մանթուրութիլի,հասաւ Մառիէնֆէլդ, ուր Խորանբլուրի կատարին Եգիպտոսի եւՍուտանի Յոյն Մելքիթ Պատրիարքական ԸնդհանուրՓոխանորդ՝ Դամիէթիոյ Գերշ. Ժոզէֆ Զէրէյ Արքեպիսկոպոսինկողմէ ջերմօրէն դիմաւորուեցաւ։ Պատրիարք Հայրը առաջնորդուեցաւխորանին ճիշդ ետեւը ուր  Գերմանիոյ Հայոց Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ.Գարեգին Արք. Պէքճեանի հետ հետեւեցաւ արարողութիւններուն։Այնտեղ էին նաեւ Գերման Աւետարանական Եկեղեցւոյներկայացուցիչները, նաեւ Ասորի, Ղպտի, Յոյն, Սերպիոյ, ՌուսՈւղղափառ Եկեղեցիներու ներկայացուցիչները, որոնք եւս համայնքներունին Գերմանիոյ մէջ։

Ս. Պատարագի աւարտին, Նորին Սրբութիւն Բենեդիկտոս ԺԶ.Պապը եկաւ ողջունելու միջեկեղեցական հիւրերը, գլխաւորութեամբՆ.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հօր։

253

Կարտինալ Մայզնէր կու գայ Պատրիարք Հայրը ողջունելու

Արարողութեան աւարտին, Պատրիարք Հայրը ձեռնուեցաւ նաեւ ՔէօլնիԵոախիմ Մայզնէր Կարտինալին հետ։

Ժոզէֆ Զէրէյ Մելքիթ Արքեպիսկոպոսը կը փափաքի կապի մէջ մնալ

255254