Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Kategori: Կարճ լուրեր,Կրօնական,Համայնքային

10941510_438001306359758_4379892936676368931_nԾանօթ է մեր ժողովուրդին, թէ Ս. Զատկի Կիրակիէն սկսեալ քառասուն օրեր ամէն օր կ՚ապրինք Զատկական ուրախութիւնը եւ կը գովերգենք Քրիստոսի Սուրբ Յարութիւնը։  Այս շրջանին կը համընկնի Ա. Համաշխարհային Պատերազմի վասն հաւատոյ զոհուած եւ նորոգ սրբադասեալ նահատակներու յիշատակութիւնը։

Պատրիարքական Աթոռի տնօրինութեամբ 24 Ապրիլ 2015, Ուրբաթ, Ի. Օր Յինանց, Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի, որ պիտի մատուցանէ Ս. Պատարագը եւ պիտի տայ օրուան պատգամը։ Արարողութեանց կը մասնակցին Պատրիարքական Աթոռի Միաբանները, Քահանայից եւ Սարկաւագաց Դասերը։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կը կատարուին  Ստանպուլահայ Դպրաց Դաս Երգչախումբերու անդամներէն բաղկացեալ Միացեալ կազմին կողմէ, Կոմիտասեան բազմաձայն եղանակաւ, ղեկավարութեամբ՝ Տիար Յակոբ Մամիկոնեանի։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, Ընդհանուր Հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի ի Տէր ննջած եւ ոչ-սրբադասեալ հանգուցեալներու հոգիներուն խաղաղութեան համար։

Կը հաւատանք, թէ սրբոց յիշատակին հետ հաղորդակցութեան միջոցը Ս. Պատարագի մատուցումն է։ Ուստի,  մեր համայնքային եւ թաղային պաշտօնական մարմինները եւ հաւատացեալ ժողովուրդը սիրով կը հրաւիրուի  մասնակցելու Ս. Պատարագին, փառաբանելու մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան աւետիսը եւ  Ս. Յարութեան աւետիսին ընդմէջէն աղօթքներով հաղորդ դառնալու մեր հանգուցեալներու յիշատակին։