Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԱՂԵՔՍԱՆԴՐԵԿԻ ՄԷՋ

Kategori: Եկեղեցական

Աղեքսանդրեկի (Իսկենտէրուն) Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյանուան տօնախմբութեան առթիւ 6 Մարտ Կիրակի առաւօտկատարուած ժամերգութիւնն ու հանդիսաւոր Ս. Պատարագը ՄեծՊահոց ուխտագնացութեան եւ ուխտաւորներու հոգեւորապրումներուն բնականաբար գագաթնակէտն էր։ Կը նախագահէր Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը, առընթերակայութեամբ Հոգշ.Հայր Եղիշէ Ուչքունեան եւ Հոգշ. Հայր Զաքէոս Օհանեանաբեղաներուն եւ Արժ. Տ. Տրդատ Քհն. Ուզունեանի։ Ս. Պատարագըմատոյց Հոգշ. Հայր Սահակ Աբղ. Մաշալեան։ Կը սպասարկէին Բրշ.Լեւոն Սրկ. Էօզփէմպէ եւ Բրկ. Անդրանիկ Կիսասարկաւագ Տէմիրճեան։Երգեցողութիւնները կատարուեցան Զուարթնոց երգչախումբի կողմէ,ղեկավարութեամբ Գէորգ Չաղլըչուպուքճուի. երգեհոնը կը նուագէրՀերման Փորթաքալեան։ Եկեղեցին, բակը եւ փողոցը լեցուած էին հայուխտաւորներու եւ Աղեքսանդրեկի հայ համայնքի անդամներուբազմութեամբ։

Նորին Ամենապատուութիւնը քարոզեց Տէրունական Աղօթքէն առաջ`վեր առնելով Քառասուն Մանուկներու վկայութենէն ստացուածհոգեւոր դասերը. §Այսօր այս տաճարին մէջ կը յիշատակենքԿապադովկիոյ Հռովմէական գունդին մէջ զինուորագրուած քառասուներիտասարդ Քրիստոնեայ զինուորները, որոնք Սեբաստիա կըգտնուէին։ Չորրորդ դարու առաջին քառորդին, Քրիստոնեաներու դէմնիւթուած հալածանքներու ընթացքին նահատակուեցան եւ դարձանհաւատքի հերոսներ։ Հռովմայեցի կուսակալին հրահանգովերիտասարդները ձմրան խստաշունչ պայմաններուն նետուեցանսառած լճի մէջ, ուր ամբողջ գիշեր ցուրտէն տառապեցան։ Կուսակալըլճի ափին կրակ վառել տուած էր, որպէսզի երիտասարդներէնՔրիստոսը ուրացողներ եթէ ըլլային տաքնալու եւ ապաքինելու առիթունենային։ Երիտասարդ զինուորները սակայն հաստատ մնացինիրենց հաւատքին մէջ եւ յանձն առին Քրիստոսի սիրոյննահատակութիւնը, քան առանց Քրիստոսի կեանքը։ Անոնց օրինակէնվարակուած բազմաթիւ հեթանոսներ հաւատքի եկան։ Եկեղեցինանոնց նուիրումը չմոռցաւ։ Ահա մենք այսօր շուրջ 1700 տարիներ յետոյանոնց յիշատակը տօնենք, կը խնդրենք իրենց բարեխօսութիւնը եւ կըյուսանք բաժնեկից դառնալ անոնց աներեր հաւատքին։¦

Պատրիարք Հայրը ապա մեկնաբանեց §Անիրաւ Դատաւորի¦ առակը եւշեշտեց տեւաբար, անձանձրոյթ աղօթելու կարեւորութիւնը։ ՆորինԱմենապատուութիւնը ըսաւ. §Կեանքի մէջ արժէքաւոր բաներուանմիջապէս չենք կրնար տիրանալ։ Սակայն եթէ առանց ընկրկելուշարունակենք անոնց ցանկալ, նաեւ եթէ համբերութեամբ ընթանանքնոյն ուղղութեան մէջ, կը տեսնենք, թէ օր մը արդէն իսկ անոնցտիրացած ենք։ Ստոյգ է, որ հաւատացեալն իսկ երբեմն կրնայդժուարանալ աղօթելու։ Ուրիշներ ալ երբեմն կը կարծեն, թէ իրենցաղօթքները անպատասխանի կը մնան։ Սակայն ամէն աղօթքանպայման կը լսուի, եթէ իսկապէս սրտանց կ՚աղօթենք եւ եթէ մերխնդրանքը Աստուծոյ կամքին համաձայն է, մեր ողորմած, գթած,երկայնամիտ, պարգեւատու եւ մարդասէր Տէրը, մեզ ձեռնունայնչ՚արձակեր¦։ Ապա նկատի ունենալով հայազգի այն գաւառացիներըորոնք հայախօս չէին, պատարագիչ Հ. Սահակ Աբեղայ Պատրիարք Հօրքարոզը ամփոփեց թրքերէն լեզուով։

Յաւարտ Սուրբ Պատարագի կատարուեցաւ ընդհանուր հոգեհանգիստյայտնի եւ անյայտ բոլոր ննջեցեալներուն համար։ Յիշուեցան նաեւ ՀայԱռաքելական Եկեղեցւոյ հանգուցեալ բոլոր սպասաւորները, որոնցկարգին` Երանաշնորհ Շնորհք եւ Գարեգին Պատրիարք հայրերը,Երջանկայիշատակ Վարդան Արքեպիսկոպոս Տէմիրճեանը, որ 2001թուականին Իսկենտէրունի եկեղեցւոյ վերանորոգութենէն եւ օծումէնյետոյ անդրանիկ Սուրբ Պատարագը մատուցած էր, Հաթայիլուսահոգի հոգեւոր հովիւներ` Ղեւոնդ Գարթունեան եւ ՍերովբէԿիւլեան աւագ քահանայ հայրերը։

Արարողութիւններու աւարտին, վերջին օրհնութենէն առաջ, Ամեն. Ս.Պատրիարք Հայրը  ըսաւ. §Աղեքսանդրեկի մէջ մատուցուած սոյնպատարագով աւարտած եղանք այս տարուան Մեծ Պահքի մերուխտագնացութիւնը։ Քիչ վերջ բոլոր ուխտաւորներդ մի առ միճամբայ պիտի ելլէք դէպի ձեր բնակարանները։ Կ՚աղօթեմ որ անվթարու առողջ տուն հասնիք։ Կը մաղթեմ նաեւ որ այս ուխտագնացութեանընթացքին ձեր կատարած բոլոր աղօթքներուն փոխարէն ձեր սրտերուփափաքները ստանաք Աստուծմէ։ Հոգեւոր վարժութիւններով, ծոմ ուպահքով, սուրբգրական ընթերցում ու քարոզներով լեցուն մի քանիշաբաթ եւս եւ ապա կը հասնինք մեր Տիրոջ եւ Փրկչին ՅիսուսիՔրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան Մեծ Զատիկին։ Սա` մեր լոյսհաւատքին գերագոյն տօնախմբութիւնն է։ Աստուած բոլորս ալարժանի ընէ տօնական այդ ուրախութեան մասնակցելու։ Բարիճանապարհ բոլորիդ։ Երթայք խաղաղութեամբ եւ Տէր եղիցի ընդ ձեզ։¦

Նորին Ամենապատուութիւնը ապա եկեղեցւոյ սենեակներէն մէկուն մէջընդունեց Աղեքսանդրեկի հայ համայնքէն փափաքողները եւ զրուցեցմանուկներուն հետ։ Ապա Պատրիարք Հայրն ու առընթերակայհոգեւորականները պահքի սեղանով պատուասիրուեցանԱղեքսանդրեկի ծխական խորհուրդի ատենապետ` ԿարպիսՔըսատուրի տան մէջ։ Այստեղ եւս Պատրիարք Հայրը սիրով ընդունեցտեղւոյն համայնքի անդամներն ու զրուցեց իրենց հետ։

Նոյն երեկոյեան, ընկերակցութեամբ Աղեքսանդրեկի ծխականներէնոմանց, Պատրիարք Հայրը բարձրացաւ ծովեզերքէն շուրջ 15 կմհեռաւորութեան վրայ գտնուող Պէյլանի լեռնանցքը, որ անցեալինկոչուած է նաեւ §Նեղուցք Պաղրասայ¦ կամ §Դրունք Ասորւոց¦։ Ապամի քիչ դէպի արեւելք ճամբորդելով խումբը հասաւ Աթըքարոտավայրը, ուր ներկայիս կը բնակին երեք հայ ընտանիքներ երկուբնակարաններու մէջ։ Պատրիարք Հայրը շուրջ ժամ մը անցուցԱթըքցիներուն հետ, զրուցեց իրենց հետ տեղւոյն կեանքիպայմաններուն մասին եւ քաջալերեց զիրենք իրենց հաւատքին մէջ։

  • 4