Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԱՂԹԱՄԱՐԻ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Kategori: Եկեղեցական

5Անցեալ 8 Սեպտեմբեր 2013, Կիրակի առաւօտ մատուցուած Ս. Պատարագով Աղթամարի ուխտագնացութիւնը իր աւարտին հասաւ։ Արարողութեանց մասնակցեցան Ստանպուլէն եւ արտասահմանէն Վան ժամանած ուխտաւորներ։ Արարողութեանց հանդիսապետեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան։

2Առաւօտուն ժամը 09.00-ին, եկեղեցւոյ մատրան մէջ կատարուեցաւ ժամերգութիւն։ Ժամը 10.30-ին սկսաւ Ս. Պատարագը, զոր մատոյց Գերպ. Տ. Զագէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան Եշիլգիւղի Ս. Սահակ-Մեսրոպ Երգչախումբի կողմէ, առաջնորդութեամբ՝ Բրկ. Սեւան Ուր. Դպ. Արապօղլուի։

ahtamarՏէրունական Աղօթքէն առաջ պատարագիչ Հայր Սուրբը քարոզեց ընդգծելով Ս. Խաչի խորհուրդին համաքրիստոնէական կարեւորութիւնը։ Տեղեկութիւն տուաւ նաեւ Վերացման Ս. Խաչի Տօնին պատմականին մասին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց պաշտօնական մարմիններուն։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, կատարուեցաւ 3 Ատանացի եւ 3 Հայաստանցի երախաներու Ս. Մկրտութեան խորհրդակատարութիւնը ձեռամբ՝ պատարագիչ Հայր Սուրբի եւ կնքահայրութեամբ Սրբազան Հօր։

Ըստ աւանդութեան, եկեղեցական արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ եկեղեցւոյ բակին մէջ կատարուած անդաստանով։

Եկեղեցական արարողութիւններէն յետոյ, ներկայ հոգեւորականներ եւ Դպրաց Դաու անդամներ միասնաբար ընթրեցին։

  • 3
  • 6