Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ՂԱԼԱԹԻՈՅ ՄԷՋ

Kategori: Եկեղեցական,Կրօնական,Համայնքային

157852681_1792217564271452_3984844810315931529_oՊատրիարքական Աթոռոյս 82րդ, 83րդ եւ 84րդ գահակալներ՝ Շնորհք Եոզղատցի (Գալուստեան), Գարեգին Բ. Պոլսեցի (Գազանճեան) եւ Մեսրոպ Բ. Պոլսեցի (Մութաֆեան) պատրիարքներ, իրենց վախճանման տարելիցներուն առթիւ Ս. Պատարագով ու հոգեհանգստեան պաշտօնով յիշատակուեցան Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ։ Արարողութեան ներկայ էին Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ եւ Կեդրոնական Վարժարանի Խնամակալութեան ներկայացուցիչը, Երանաշնորհ Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հօր Տիրամայրը՝ Մարի Մութաֆեան, ինչպէս նաեւ սակաւ թիւով հաւատացեալներ։

Թագաժահրի (Քորոնա վիրիւս) համավարակի սահմանափուկմներու պատճառաւ արարողութիւնը իրականացաւ Հինգշաբթի առաւօտ, հանդիսապետութեամբ՝ Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեանի։ Ս. Պատարագը մատոյց Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան, իսկ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Աթոռոյս ժառանգաւոր սաները։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները տեղի ունեցան Աթոռոյս Արմաշ Դպրաց Դասու անդամներու կողմէ, առաջնորդութեամբ՝ Բրշ. Յարութիւն Էտվին Սրկ. Կալիպեանի։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, հանգստեան աղօթքներով յիշատակուեցան երանաշնորհ Շնորհք, Գարեգին Բ. եւ Մեսրոպ Բ. պատրիարքները։ Արարողութեան աւարտին քարոզեց հանդիսապետ Հայր Սուրբը, անդրադառնալով տնտեսութեան նշանակութեան։ Հայր Սուրբը, ի միջի այլոց յիշատակեց Աթոռոյս երեք պատրիարքները եւ դրուատեց իրենց գործունէութիւնները ու յայտնեց թէ Ս. Աթոռոյս գահակալներուն ներկայիս կը յաջորդէ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը։ Իր խօսքերու աւարտին, մաղթեց որ անսասան մնայ Պատրիարքական Աթոռը եւ յարաճուն ըլլայ Աթոռոյ առաքելութիւնը, ի պայծառութիւն եկեղեցւոյ եւ ի մխիթարութիւն մերազն ժողովուրդին։

Հարկ է յիշեցնել թէ՝ Ս. Պատարագն ու Հոգեհանգստեան կարգը, յառաջիկայ Կիրակի, 7 Մարտ 2021 առաւօտ պիտի տեսասփռուի Աթոռոյս «facebook»ի եւ Լրաբերի «youtube»ի էջերէն։

Իսկ 8 Մարտ 2021, Երկուաշբթի, ժամը 14.00-ին, Շիշլիի Ազգ. Գերեզմանատան մէջ, երանաշնորհ հովուապետներու դամբարաններուն առջեւ, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ Հոգեհանգստեան Կարգ պիտի կատարուի։

 

  • 157032377_1792217304271478_8224217637538049146_o
  • 157191476_1792217310938144_9162652612329234589_o
  • 157852681_1792217564271452_3984844810315931529_o