Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային,Միջեկեղեցական,Միջկրօնական

badarak24 Ապրիլ 2015 թուականը կատարուած հոգեւոր հանդիսութիւններով յիշարժան ու յատկանշական օր մը դարձաւ Թրքահայութեան համար։ Պատրիարքական Աթոռի բարձր տնօրինութեամբ յիշատակուեցան 1915-ի վասն հաւատոյ զոհուած եւ նորոգ սրբադասեալ նահատակները։

Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ  Պատրիարքական Աթոռոյ միաբանները, քահանայից, սարկաւագաց ու դպրաց դասու անդամները եւ ուխտաւոր հաւատացեալներ հաւաքուեցան Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարին մէջ։ Ժամը 9.00-ին, Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի հանդիսապետութեամբ սկսան Գիշերային եւ Առաւօտեան ժամերգութիւնները, որոնց երգեցողութիւնները կատարուեցան Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի առաջնորդութեամբ եւ մասնակցութեամբ քահանայից եւ սարկաւագաց դասուն։

Ժամը 10.30ին, զանգակներու ղօղանջով, հանդիսաւոր թափորը խորհրդարանէն շարժեցաւ դէպի Մայր Տաճար, գլխաւորութեամբ Պատարագիչ՝ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Սրբ. Արքեպս. Աթէշեանի։ Այս պահուն եկեղեցին խուռներամ բազմութեամբ լեցուն էր հաւատացեալներով, որոնք եկած էին՝ աղօթքներով հաղորդ դառնալու նահատակներու յիշատակին հետ։

joghovurtՆորին Սրբազնութեան առընթերակայ էին Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան եւ Հոգշ. Տ. Մաղաքիա Աբղ. Պէսքիսիզեան։ Արարողապետն էր Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան։ Կը սպասարկէին բարեշնորհ սարկաւագներ Ռոպէր Ք.Աքպուլութեան, Ռոյ Քիւչիւքաթէշեան, Վարդգէս Փէստիլճեան, Վաղարշակ Սերովբեան, Գէորգ Ներկիզեան, Ալեն Տիրան Ներկիզեան, Սայաթ Չնարեան, Արման Պուլտուքեան, Յարութիւն Էտվին Կալիպեան, բարեկրօն կիսասարկաւագներ՝ Ղազար Սապունճու, Սարվէն Պըչաքճը եւ ԳամէրԳարաթայլըն։

Աննախընթաց այս արարողութեանց յանուն կառավարութեան ներկայ եղաւ Եւրոմիութեան Նախարար՝ Վօլքան Պօզքըր։ Իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Արտաքին Գործոց եւ Մշակոյթի նախարարութեանց ներկայացուցիչները, քաղաքական գործիչներ եւ համայնքային ու թաղային պաշտօնական մարմիններու ներկայացուցիչներ։
Հիւրընկալութեան կը հսկէր Պատկ. Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։

Եղած հրաւէրին ընդառաջելով, իրենց մասնակցութիւնը բերին Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարք, Պոլսոյ Կաթողիկէ Հայոց Առաքելական Կառավարիչ Արհ. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեան, Ասորի Ուղղափառ Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Մոր Ֆիլիւքսինոս Եուսուֆ Չէթին Ս. Մետրոպոլիտի ներկայացուցիչները, Լատինաց Եպիսկոպոս` Գերշ. Մոնս. Լուի Փելաթրի ներկայացուցիչը, Կաթոլիկ Ասորիներու Պատրիարքական Փոխանորդ Մոնս. Եուսուֆ Սաղ, Կաթոլիկ Քաղդէացիներու Պատրիարքական Փոխանորդ Մոնս. Ֆրանսուա Եաքան, Մխիթարեան Միաբանութեան միաբաններէն՝ Գերպ. Հ. Յակոբոս Ծ. Վրդ. Չոփուրեան, Կէտիկփաշայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ երէց՝ Վեր. Գրիգոր Աղապալօղլու, Հ. Պէնժամին Վան Րէնսպուրկ, Պատ. Ուրսուլա Աուկուսթ, Սէնթ Անթուան Եկեղեցւոյ երկու ներկայացուցիչ վարդեպետները։

khaghaghutyunՀրէից Հոգեւոր Պետ Ռավ Իզհաք Հալէվա եւ Ստանպուլի Միւֆթիւ Փրօֆ. Տքթ. Ռահմի Եարանի փոխանորդը՝ Սապրի Տէմիր , Դիւանագիտական պաշտօնատարներ՝ Գերմանացի Դեսպան՝ Էպէհարտ Փօհլ, ԱՄՆի Աւագ Հիւպատոս՝ Չարլզ Հանթըր, Ֆրանսայի Աւագ Հիւպատոս՝ Մուրիէլ Տօմենաք, Անգլիոյ Բ. Հիւպատոսը, Վաքըֆներու Խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճան եւս մասնակցեցան սրբազան արարողութեանց։

KoroՍ. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան Ստանպուլահայ Դպրաց Դաս Երգչախումբերու անդամներէն բաղկացեալ Միացեալ կազմին կողմէ, Կոմիտասեան Բազմաձայն եղանակաւ, ղեկավարութեամբ՝ Յակոբ Մամիկոնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ՝ Շանթ Էօզպիւլպիւլի։

10419613_438718879621334_2709646242087792533_nՆախ քան Տէրունական Աղօթքը, պատարագիչ Սրբազան Հայրը տուաւ օրուան պատգամը։

(Հայերէն Պատգամ՝ http://www.turkiyeermenileripatrikligi.org/site/hy/%d5%ba%d5%a1%d5%bf%d6%80%d5%ab%d5%a1%d6%80%d6%84%d5%a1%d5%af%d5%a1%d5%b6-%d5%a8%d5%b6%d5%a4%d5%b0%d5%a1%d5%b6%d5%b8%d6%82%d6%80-%d6%83%d5%b8%d5%ad%d5%a1%d5%b6%d5%b8%d6%80%d5%a4-%d5%bd%d6%80%d5%a2-25/)

(Թրքերէն Պատգամ՝
http://www.turkiyeermenileripatrikligi.org/site/patrik-genel-vekili-basepiskopos-aram-atesyanin-mesaji-24-nisan-2015/)

Սրբազան Հօր խօսքերէն յետոյ, Տ. Թաթուլ Ծ. Վարդապետ, կարդաց Թուրքիոյ Հանրապետութեան Նախագահ՝ Վսեմաշուք Ռէճէպ Թայյիպ Էրտօղանի պատգամը։

(Պատգամի բնագիրը՝ http://www.turkiyeermenileripatrikligi.org/site/cumhurbaskanimiz-sayin-recep-tayyip-erdoganin-24-nisan-2015-gunu-istanbul-ermeni-patrikhanesinde-yapilan-dini-torene-gonderdikleri-mesaj/)

(Պատգամի Հայերէն թարգմանութիւնը՝ http://www.turkiyeermenileripatrikligi.org/site/hy/%d5%a9%d5%b8%d6%82%d6%80%d6%84%d5%ab%d5%b8%d5%b5-%d5%b0%d5%a1%d5%b6%d6%80%d5%a1%d5%ba%d5%a5%d5%bf%d5%b8%d6%82%d5%a9%d5%a5%d5%a1%d5%b6-%d5%b6%d5%a1%d5%ad%d5%a1%d5%a3%d5%a1%d5%b0%d5%9d-%d5%be%d5%bd/)

guvercinՔարոզի աւարտին գեղեցիկ անակնկալ մը եւս տեղի ունեցաւ։ Դպրական շապիկ հագած Հայաստանցի 6 մանուկներ, որոնք կը կ՚աշակերտին Կէտիկփաշայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ համալիրի մէջ գործող աշխատութեանց, մօտեցան Սրբազան Հօր եւ իրենց ձեռքի աղաւնիները արձակեցին, ի նշան խաղաղութեան, սիրոյ եւ համերաշխութեան։

10462906_438731459620076_5659909982644389644_nՆախ քան Ս. Հաղորդութիւնը «Տէր Ողորմեա» աղօթքը եւս ժողովուրդը մեծ ջերմեռանդութեամբ միաբերան երգեց, հայցելով աշխարհի խաղաղութիւն, հիւանդներու բժշկութիւն, ննջեցեալներու արքայութիւն։ Ապա, հաւաքական խոստովանանք կատարեց Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեան։ Իսկ յետոյ, Պատարագիչ Սրբազան Հայրն ու Հոգշ. Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան, Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհեանեան եւ երկու առընթերակայ հոգեւորականներ Ս. Հաղորդութիւն մատակարարեցին ներկայ բազմաթիւ հաւատացեալներուն։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, Ընդհանուր Հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ ի Տէր ննջած եւ ոչ-սրբադասեալ հանգուցեալներու հոգիներուն խաղաղութեան համար։

Հոգեհանգստեան պաշտօնի աւարտին, վերստին շքեղ թափոր մը կազմուեցաւ եւ Պատարագիչ Սրբազան Հայրն ու Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքը, Ս. Յարութեան շարականներու երգակցութեամբ տաճարի բակը առաջնորդուեցան։ Բաւական դժուար ընթացաւ ծանրակշիռ թափօրը, քանի որ հաւատացեալներ կը խուժէին ստանալու Պատարագիչ Սրբազան Հօր եւ Նորին Սրբութեան օրհնութիւնները։

barthoԹափորն ի վերջոյ հասաւ Մայր Տաճարի Խորհրդարանը, որուն մուտքէն Պատարագիչ Սրբազան Հայրը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց ներկաները։ Հանդիսաւոր ու պատմական արարողութիւնները գոհունակութիւն առթեցին ու իրենց ոգեւորիչ հետքը յանձնեցին պատմութեան էջերուն։

* Նկարներ՝ Մելքոն Սահակօղլու