Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Kategori: Կրօնական,Համայնքային,Փաստաթուղթեր

10941510_438001306359758_4379892936676368931_nԻ գիտութիւն մեր հաւատացեալ ժողովուրդին կը ծանուցանենք թէ, 24 Ապրիլ 2015, Ուրբաթ, Ի. Օր Յինանց,

Պատրիարքական Աթոռի տնօրինութեամբ կը յիշատակուին 1915ի տեղահանութեան վասն հաւատոյ զոհուած եւ նորոգ սրբադասեալ նահատակները։

Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ արարողութեանց կը հանդիսապետէ, Ս, Պատարագը կը մատուցանէ եւ կը քարոզէ

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ
ԲԱՐՁՐ. Տ. ԱՐԱՄ Ս. ԱՐՔԵՊՍ. ԱԹԷՇԵԱՆ

Արարողութեանց կը մասնակցին Պատրիարքական Աթոռի Միաբանները, Քահանայից եւ Սարկաւագաց Դասերը։

Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կը կատարուին  Իսթանպուլահայ Դպրաց Դաս Երգչախումբերու անդամներէն բաղկացեալ Միացեալ կազմին կողմէ,

Կոմիտասեան Բազմաձայն եղանակաւ, ղեկավարութեամբ՝ Տիար Յակոբ Մամիկոնեանի։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, Ընդհանուր Հոգեհանգստեան պաշտօն կը կատարուի ի Տէր ննջած եւ ոչ-սրբադասեալ հանգուցեալներու հոգիներուն խաղաղութեան համար։

Սիրով կը հրաւիրենք, մեր համայնքային եւ թաղային պաշտօնական մարմինները եւ հաւատացեալ ժողովուրդը մասնակցելու Ս. Պատարագին,

փառաբանելու մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան աւետիսը եւ  Ս. Յարութեան աւետիսին ընդմէջէն

աղօթքներով հաղորդ դառնալու մեր հանգուցեալներու յիշատակին։

Սկիզբ Ժամ.             9.00
Ս. Պատարագ        10.30