Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ ՂԱԼԱԹԻՈՅ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Kategori: Եկեղեցական

sahan sirpazan Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ եւ Կեդրոնական Վարժարանի Խնամակալութեան փափաքով, 7 Նոյեմբեր 2013, Հինգշաբթի, Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագի մատուցմամբ յիշատակուեցաւ՝ Պատրիարքական Աթոռոյ երիցագոյն հոգեւորական՝ հոգելոյս Տ. Շահան Ս. Արքեպս. Սվաճեան։ Արարողութեանց հանդիսապետեց Պատկառելի Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Արարողութեանց ներկայ եղան նաեւ Հոգշ. Տ. Եղիա Աբղ. Խաչատուրեան, Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, եկեղեցւոյ խնամակալութեան անդամներ, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչը եւ հաւատացեալներ։

Ս. Պատարագը մատոյց Արժ. Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հէրկէլեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին՝ Բրշ. Յակոբ Սրկ. Փափազեան եւ Բրշ. Արթուն Սրկ. Տամատեան։ Ս. Պատարագի Երգեցողութիւնները կատարուեցան ուխտաւոր դպրաց կողմէ, առաջնորդութեամբ՝ Բրշ. Յարութիւն Սրկ. Սարգիսեանի։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, «Յիշեցէ՛ք ձեր առաջնորդները, որոնք Աստուծոյ խօսքը ըսին ձեզի» (Եբր. 13.7) բնաբանով քարոզեց Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ.։ Քարոզիչ Հայր Սուրբը, շեշտեց անցեալի կարեւոր դէմքերն ու դէպքերը յիշելու կարեւորութիւնը եւ ըսաւ. «Անցեալին բազմաթիւ անձեր եկան ու անցան, որոնցմէ ոմանց անունը կը յիշուի։ Այդ անձերը իրենց կատարած գործերով է որ յիշատակութեան արժանի եղած են։ Մեր բոլորին պարտականութիւնն է յիշել զանոնք։ Երբ պատմութիւն կը կարդանք ու կը յիշենք անցեալը, կը տեսնենք թէ այդ անձերը կ՚ապրին ու կը խօսին իրենց գործերով, որոնք ուղղեցոյցներ կ՚ըլլան մեր ապագային համար»։

Անդրադարձաւ հոգելոյս Շահան Սրբազան Հօր կեանքի օրինակին եւ յիշեց թէ Ան որքան կարեւորութիւն կ՚ընծայէր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ, քանի որ Ս. Երուսաղէմէն Ստանպուլ ժամանումէն յետոյ, իր առաջին քարոզը խօսած էր այս եկեղեցւոյ մէջ։ Նաեւ մասնակցած էր եկեղեցւոյ այժմու շէնքի հիմերու օրհնութեան եւ օծած եկեղեցւոյ սիւները։ Ան, իւրաքանչիւր տաղաւարի յաջորդող Հինգշաբթի օր, անպայման կը հանդիսապետէր ու կը քարոզէր այս եկեղեցւոյ մէջ ու իր ուխտի աղօթքը կը կատարէր։ Ան այնքան սիրեց այս եկեղեցին, որ իր սեպհական կալուածներէն մին կտակեց, յօգուտ եկեղեցւոյ եւ վարժարանին։ Հայր Սուրբը գնահատեց Եկեղեցւոյ ու վարժարանի խնամակալութիւնը որ օրինակ հանդիսանալով, փափաք յայտնած էր Ս. Պատարագի մատուցմամբ յիշատակել հոգելոյս Սրբազան Հայրը իր վախճանման քառասնից լրման առթիւ։

Յիշեցուց թէ իմաստալից եւ կարեւոր էր անձ մը յիշել իր մահէն յետոյ, ինչ որ արտայայտութիւնն էր անկեղծ սիրոյ ու յարգանքի։ Արդէն խնամակալութեան որոշումով ժողովասրահը կը կրէր Սրբազան Հօր անունը։ Անցեալ շաբաթ, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ համալիրի սրահներէն մին եւս սկսաւ կրել երախտաշատ եկեղեցականին անունը։ Թելադրեց, ուրիշ առիթներով եւս յիշատակել վախճանեալ Սրբազան Հայրը, որ Աստուծոյ խօսքը փոխանցած եւ իր բարի պտուղներով օրինակ եղած էր ապագայ սերունդին։

Ապա, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որմէ յետոյ եկեղեցւոյ Յովհաննէս Կոլոտ Սրահին մէջ հոգեւորականներու, խնամակալութեան անդամներու եւ հաւատացեալներու ներկայութեամբ հոգեճաշ տրուեցաւ։