Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏԻ Ս. ԿԻՐԱԿՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Kategori: Եկեղեցական

diyarbarkir badarak 2Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագէն յետոյ, ուխտագնացութեան երկրորդ կայանը եղաւ Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս Եկեղեցին, ուր Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի հանդիսապետութեամբ  տեղի ունեցան եկեղեցական արարողութիւններ։

diyarbarkir badarakԱռաւօտուն ժամը 09.30-ին, եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ ժամերգութիւն։ Ժամը 10.30-ին սկսաւ Ս. Պատարագը, զոր մատոյց Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան, առընթերակայութեամբ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զէլանտայի թեմի հոգեւորականներէն, նախկին Պոլսեցի Արժ. Տ. Պարթեւ Քհնյ. Գարագաշեանի։ Արարողութեանց ներկայ էին նաեւ Արժ. Տ. Տ. Անդրէաս Աւ., Գէորգ, Կորիւն, Տրդատ, Զօհրապ Քահանայ Հայրերը։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան ներկայ ուխտաւոր դպիրներու կողմէ։

Տէրունական Աղօթքէն առաջ պատարագիչ Սրբազան Հայրը քարոզեց «Զօրութիւն Սուրբ Խաչի քո Քրիստոս, որ կանգնեցէր ի փրկութիւն աշխարհի, սա պահեսցէ զմեզ յամենայն փորձութենէ» բնաբանով։ Ընդգծեց որ, Վերացման Ս. Խաչի Տօնը, մեզ կը յիշեցնէ կորսուած արժէքները վերստին գտնելու կարեւորութիւնը, եւ թելադրեց որ մեր արժէքները գնահատենք զանոնք կորսնցնելէ առաջ եւ ամէն գնով տէր կանգնիլ անոնց։ Յիշեց թէ եկեղեցին անցեալին աւերակի վերածուած էր եւ Ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը, որոշած էր վերանորոգել եկեղեցին, եւ այս ուղղութեամբ պաշտօն յանձնած էր Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանին։ Արամ Սրբազան կազմակերպած եւ գլխաւորած էր վերակառուցման աշխատանքները, աջակցութեամբ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի անդամներուն եւ բարերարներուն։ Շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր եւ Էրկիւն Այըքի գլխաւորած ծխական խորհուրդին։

Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ յիշուեցան տեղւոյն հոգեւոր սպասաւորները, հանգուցեալները եւ ուխտաւորներու ի Քրիստոս ննջած սիրելիները։

Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, ներկայ հոգեւորականներու մասնակցութեամբ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։

  • 2
  • 1
  • 3
  • 4