Ս. Սանդուխտ Եկեղեցի, Ռումէլի Հիսար

Հասցէ
(Durmuş Dede Sok. No: 8, 34470 Rumelihisar)
Հեռ.՝ (0212) 257-7201

18րդ դարուն վերջերը կառուցուած է Սուրբ Սանդուխտ Եկեղեցին։ Փայտաշէն եկեղեցին ժամանակի ընթացքին խարխուլ վիճակի մատնուած ըլլալուն, 1816ին նորոգուեցաւ։ Նոյն տարին կը քանդուի եւ եկեղեցւոյ հոգաբարձուն Ճանիկ Ամիրա կ՚աքսորուի եւ այդ շրջանի վարիչները՝ եկեղեցպանները կը բանտարկուին թիարանին մէջ։

Յետագային, Եկեղեցին Ճանիկ Ամիրայի կտակով վերակառուցուեցաւ՝ 1856ին։ 1972ին եկեղեցին հրոյ ճարակ դարձաւ։ Շնորհք Պատրիարքի տնօրինութեամբ առժամեայ նորոգութիւն մը կատարուելով պաշտամունքը շարունակուեցաւ։ Վերջնական վերակառուցումը կատարուեցաւ եւ աւարտելով պաշտամունքի վերաբացուեցաւ 1978ին Շնորհք Ս. Պատրիարքի ձեռամբ։

Նորոգութիւն մը կատարուեցաւ 2003ին՝ բարերարներու աջակցութեամբ։ Օծումը կատարուած ու պաշտամունքի վերաբացուած է ձեռամբ Լուսարարապետ՝ Գերշ. Տ. Արամ Եպիսկ. Աթէշեանի։ Իսկ վերջին նորոգութիւնը կատարուելով 2012ին վերաբացուած է ձեռամբ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի։

Քարտէս