Ս. ՍԵՂԱՆԻ ՕԾՈՒՄ ԵՒ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԳԱՆՏԻԼԼԻԻ Ս. ԵՐԿՈՏԱՍԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Kategori: Եկեղեցական

Kandilli OdzumԳանտիլլիի Ս. Երկոտասան Առաքելոց Եկեղեցւոյ մէջ, 15 Նոյեմբեր 2014, Շաբաթ, Ս. Անդրէաս եւ Ս. Փիլիիպպոս Առաքեալներու Տօնին, հոգեւոր հանդիսութիւններ տեղի ունեցան հանդիսապետութեամբ՝ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի։ Ներկայ էին նաեւ հոգեւորականներ ու կոկիկ թիւով հաւատացեալներ։

Վերջին ամիսներուն, եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը անհրաժեշտութիւնը զգացած էր, շարք մը նորոգութեան աշխատանքներ կատարելու։ Այս ուղղութեամբ, նորոգուած էր եկեղեցւոյ տանիքը եւ բարեզարդուած՝ Մայր Խորանը։

Առաւօտեան ժամը 9.00-ին եկեղեցւոյ մկրտարանի գողտրիկ մատրան մէջ տեղի ունեցաւ Առաւօտեան ժամերգութիւն։ Ժամը 10.30-ին Նորին Սրբազնութիւնը, ներկայ հոգեւորականներու առաջնորդութեամբ եւ շարականներու երգեցողութեամբ մուտք գործեց եկեղեցի։ Յետ կանոնական աղօթքներու, Սրբազան Հայրը, Ս. Միւռոնով օծեց եկեղեցւոյ Աւագ Սեղանը։ Այս առթիւ, օծուեցաւ նաեւ Քառաթեւ Ս. Խաչը, զոր նուիրած էր Մկրտիչ Սէրթշիմշէք, Մայր Խորանի բարեզարդման առթիւ։

kandilli badarakՕծման արարողութեան յաջորդեց Ս. Պատարագը, որ մատուցուեցաւ ձեռամբ՝ Արժ. Տ. Անդրէաս Աւ. Քհնյ. Յակոբեանի։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր Դպրաց Դաս Երգչախումբի անդամներուն կողմէ, ղեկավարութեամբ Սեւան Շէնճանի եւ երգեհոնահարութեամբ Արտեն Գարիպեանի։

kandilli karozՏէրունական Աղօթքէն առաջ Սրբազան Հայրը, քարոզեց անդրադառնալով Քրիստոսի առաքեալներու կոչումին եւ ըսաւ. «Ս. Գիրքը կը սորուեցնէ, թէ առաքեալները, Քրիստոսի ճշմարիտ փրկիչ ըլլալը տեսնելէ յետոյ, հաւատքով հետեւած էին Իրեն։ Այսօր, 12 առաքեալներու անուան նուիրուած այս Ս. Եկեղեցւոյ մէջ կը յիշենք անոնցմէ երկուքը՝  Ս. Անդրէասն ու Ս. Փիլիպպոսը։ Այս երկու առաքեալները, նման միւս առաքեալներուն, Քրիստոսի մասին խօսեցան։ Ս. Անդրէասը հիմնադիր առաքեալը եղաւ Յոյն Եկեղեցւոյ, իսկ Ս. Փիլիպպոսի մասին կը կ՚արդանք Գործք Առաքելոցի մէջ։ Քրիստոսի առաքեալներուն յաջորդեցին հոգեւորականներ, բանիմաց առաջնորդներ։ Անոնք, հովուեցին ժողովուրդը եւ քարոզեցին Քրիստոսի Աւետարանը։ Իրենց աշխատանքով եւ ժողովուրդի հաւատքով, եկեղեցին հասաւ մինչեւ այսօր։ Մենք կը հրաւիրուինք իրենց օրինակով ընթանալու, դառնալով եկեղեցւոյ հաւատարիմ զաւակներ։

Այսօր անուան տօնն է նաեւ հոգեւորականաց դասու անդամներէն՝ Արժ. Տ. Անդրէաս Աւ. Քհնյ. Յակոբեանի։ Կը շնորհաւորեմ իր անունը եւ մաղթեմ կարողութիւն իր ծառայութեան մէջ։

Հոգեւորականներ երբ եկեղեցւոյ հոգեւոր բարորութեան համար կ՚աշխատին, իրենց կը սատարեն նաեւ աշխարհական վարիչներ։ Անոնք եւս կը հսկեն եկեղեցւոյ արտաքին եւ ներքին բարեզարդութեան։ Այսօր կը տեսնենք թէ, քաղաքիս հեռաւոր թաղերէն մին՝ Գանտիլիի Եկեղեցին որքան խմամուած է։ Այս տեսարանը, յայտնի է թէ արդիւնքն է Ատենապետ Տիգրան Գէորգեանի գլխաւորած Թաղային Խորհուրդի աշխատանքներուն։ Կը շնորհաւորեմ զիրենք եւ կը մաղթեմ յաջողութիւն, իրենց եկեղեցանուէր ծառայութեան մէջ»։

Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եկեղեցւոյ հանգուցեալ հոգեւոր սպասաւորներու եւ սատարողներու հոգւոցն ի հանգիստ։

Արարողութեան աւարտին ներկաներ հիւրընկելուեցան տեղւոյն թաղային խորհուրդին կողմէ։