Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՆԱԽԱՎԿԱՅԻՆԱԽԱՏՕՆԱԿ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Kategori: Եկեղեցական

stefanosԸստ աւանդութեան, այս տարի եւս Ս.Ստեփանոս Նախավկայի նախատօնակը կատարուեցաւ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանցեկեղեցւոյ մէջ 23 Դեկտեմբեր 2013, Երկուշաբթի երեկոյեան։ Արարողութեան հանդիսապետեց Պատկառելի Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Արարողութեան մասնակցեցան Պատրիարքական Աթոռոյ միաբաններէն Հոգշ. Տ.Զատիկ Աբղ. Պապիկեան, քահանայ հայրեր,սարկաւագներ եւ կիսասարկաւագներ։

Կանոնական երեկոյեան ժամերգութեան աւարտին կատարուեցաւ հանդիսաւոր նախատօնակ։

Արարողութեանց աւարտին Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ.Վարդապետ աւուր պատշաճի քարոզեց եւթելադրութիւններ ըրաւ սարկաւագներուն։ Հայր Սուրբը ընդգծեց սարկաւագական աստիճանի կարեւորութիւնը։ Յիշեցուց որ եկեղեցին սարկաւագներուն շնորհած է այս մեծ պատիւը եւ կը պահանջէ անոր տուրքը, որ է Ս. Սեղանի սպասարկութիւն հաւատարմօրէն։ Սարկաւագներ իրենց վարքով պէտք է օրինակ հանդիսանան նաեւ հաւատացեալ ժողովուրդին։  Եկեղեցւոյ տքնաջան ծառայողներ իրենց վարձքը մարդոցմէ կրնան չգտնել, սակայն անոնք լաւ գիտեն թէ բուն վարձքը Աստուծմէ է, որ աւելի թանկագին է քան մարդոց գնահատհանքը։  Հայր Սուրբը շնորհաւորեց բոլոր սարկաւագներու տօնը ու մաղթեց անոնցարեւշատ ու երկար ծառայութեան տարիներ։