Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՆԱԽԱՎԿԱՅԻ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿ ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ՄԷՋ.

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային

25659916_878398035653414_4320979175292025616_nՍ.Ստեփանոս Նախավկայի նախատօնակը այս տարի կատարուեցաւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ 24 Դեկտեմբեր 2017, Կիրակի երեկոյեան։ Արարողութեան նախագահեց Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան։ Արարողութեան մասնակցեցան Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան, Պատրիարքական Աթոռոյ միաբաններ, քահանայ հայրեր,սարկաւագներ եւ կիսասարկաւագներ։

Ժամը 17.00-ին սկսաւ Երեկոյեան ժամերգութիւնը, որուն աւարտին կատարուեցաւ հանդիսաւոր նախատօնակ։ Արարողութեանց աւարտին քարոզեց Սահակ Եպիսկոպոս։ Սրբազան Հայրը, առաջին հերթին ժողովուրդին բացատրեց Ս. Ստեփանոսի Ս. Գրային կերպարը։ Առաջին մարտիրոսի կեանքը օրինակ մըն է բոլորին առջեւ, որով լոյս կը սփռուի Քրիստոնեայ հաւատացեալներուն։ Իր օրինակով, շատեր կը սորուին թէ՝ ինչպէս հաւատացեալ մը, որպէս Քրիստոնեայ կրնայ ապրիլ եւ իր հաւատքի սկզբունքները պահպանել, նոյնիսկ իր կեանքի գնով։ Սրբազան Հայրը, ապա իր խօսքը ուղղեց ներկայ սարկաւագներուն ու կիսասարկաւագներուն։ Յիշեցուց թէ՝ իւրաքանչիւր հոգեւորական, ըլլայ քահանայ, ըլլայ եպիսկոպոս, ստացած է սարկաւագութեան աստիճանը։ Այնուհեհետեւ, սարկաւագութեան կոչումը, յիշեցումն է ծառայութեան։Սրբազան Հայրը, Ս. Գրային եւ եկեղեցական գիտութիւններու կարեւորութիւնը շեշտեց եւ թելադրեց միշտ զարգացնել իրենց գիտելիքները։ Գնահատեց եկեղեցւոյ սպասաւորները, քանի անոնք իրենց հանգիստի ժամերը եկեղեցւոյ սիրոյն զոհելով Աստուածահաճոյ ծառայութիւն կը մատուցանէին։ Այս առթիւ, շնորհաւորեց ներկայ սարկաւագներն ու կիսասարկաւագները մաղթելով ի Տեառնէ կարողութիւն իրենց ծառայութեանց մէջ։

Եկեղեցական արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ Տեղապահ Սրբազան Հօր վերջին օրհնութեամբ եւ միաբերան երգուած Տէրունական Աղօթքով։

25594322_878398575653360_2568374068611235464_nԵկեղեցական արարողութեան աւարտին, Տեղապահ Սրբազան Հայրը Մայր Տաճարէն թափորով առաջնորդուեցաւ Պատրիարքարան։ Տեղապահ Սրբազան Հայրը, Սարկաւագաց Տօնին առթիւ Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ ընդունեց ներկայ հոգեւորականները, սարկաւագներն ու կիսասարկաւագները։ Այստեղ, իր Հայրական պատգամը փոխանցեց ներկաներուն։ Նախ, շնորհաւորեց սարկաւագաց տօնը եւ անդրադարձաւ սարկաւագութեան կարեւորութեան։ Յիշեցուց օրինակ ըլլալու կարեւորութիւնը։ Եկեղեցւոյ ամէն կարգի սպասաւորը, ուրիշներուն, մանաւանդ իրմէ փոքրերուն օրինակ ըլլալու կը հրաւիրուէր։ Մանաւանդ ներկայ դարուն եկեղեցի արարողութեանց մասնակցողները քանի կը նուազէին, բոլորին պարտականութիւնը կը դառնար ուրիշներու եւս կեանքի օրինակով, խօքով ու գործով եկեղեցւոյ ճանապարհը ցոյց տալ։ Իր խօսքերու աւարտին, օրհնեց ներկաները եւ շնորհաւորեց մօտալուտ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան Տաղաւարին առթիւ։ Սարկաւագներ եւս, աջհամբուրիւ շնորհակալութիւն յայտնեցին Սրբազան Հօր, Պատրիարքարանի հովանիին ներքեւ ընծայուած ընդունելութեան համար։ Հանդիսութեան աւարտին, ներկաներ մասնակցեցան սիրոյ սեղանին։

  • 25659916_878398035653414_4320979175292025616_n
  • 25552284_878398802320004_9065640123848216559_n
  • 25659993_878398925653325_102790966318944923_n
  • 25592052_878398892319995_39253023614302903_n
  • 25591874_878398205653397_7636562242363063514_n
  • 25594419_878398135653404_8896623178412165789_n
  • 25552192_878398302320054_6836545896141287266_n
  • 25994869_878398518986699_5692849966122619073_n
  • 25594322_878398575653360_2568374068611235464_n
  • 25594319_878398402320044_4390968404196068831_n