Ս. Վարդանանց Եկեղեցի, Ֆերիգիւղ

Հասցէ
(Şahadet Sok. No: 13, 34379 Feriköy)
Հեռ.՝ (0212) 247-3464, (0212) 248-2913
Ել-նամակ՝ kilise@vartanants.com

Ֆէրիգիւղի փոքրաթիւ հայ համայնքը կը փափաքի իր սեպհական եկեղեցին ունենալ եւ 1859ին կը կատարէ Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ հիմնարկէքը, սակայն չի կրնար շինութիւնը իր աւարտին հասցնել։ Բերայի թաղային խորհուրդին աջակցութեամբ կիսատ մնացած շինութիւնը կը վերջանայ եւ 1861ին պաշտամունքի կը բացուի։

Եկեղեցւոյ հողը նուիրած է Ֆէթհուլլահ անուն Ասորի մը՝ 1858ին։ 1903ին Զէնոբ Պէյ Մէրամէթճեանի բարերարութեամբ եկեղեցին ի հիմանէ վերանորոգուեցաւ։ Իսկ 1912ին եկեղեցւոյ կից հողին վրայ քարուկիր ըլլալով կառուցուեցաւ Մէրամէթճեան Վարժարանը։

1929ին կը ձեռնարկուի եկեղեցին ի հիմանէ քարուկիր վերակառուցանելու գործին։ Հիմնարկէքը կը կատարուի 1929ին եւ 1931ին օծումը կատարուելով պաշտամունքի կը վերաբացուի ձեռամբ՝ Մեսրոպ Ա. Պատրիարք Նարոյեանի։ Եկեղեցւոյ այս վերակառուցման յատակագիծը պատրաստուած է Կեդրոնական վարժարանի տնօրէն Գեղամ Գավաֆեանի կողմէ, որ յանձն առած է նաեւ շինութեան ճարտարապետութիւնը։

Եկեղեցւոյ հիմնական նորոգութիւնը կատարուեցաւ 2006 թուականին։ Օծումը կատարուեցաւ ու պաշտամունքի վերաբացուեցաւ Ամեն. Տ. Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի ձեռամբ։

Եկեղեցւոյ վերջին նորոգութիւնը 2011 թուականին կատարուելով Օծուեցաւ ու պաշտամունքի վերաբացուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպիսկոպոսի ձեռամբ։

Քարտէս