Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի 2001-2005 շրջանիհոգաբարձութիւնը 28 Մայիս Շաբաթ, յետմիջօրէին սարքածընդունելութեամբ կատարեց պաշտօնի փոխանցումը,նախագահութեամբ Ն.Ա. Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հօր։
Հանդիսութեան ընթացքին նոր հոգաբարձութեան ատենապետՊետրոս Շիրինօղլու ներկաներուն ծանօթացուց իր գործընկերները։Շիրինօղլու ուրախութեամբ ծանուցանեց թէ արդէն լաւ վիճակի մէջՀիւանդանոց մը կը յանձնուի իրենց եւ իրենք եւս պիտի ջանան ալաւելի լաւ վիճակի մը հասցնել զայն։
Հիւանդանոցի պրոնզեայ շքանշանը յանձնուեցաւ Արամ Տէմիրի,Գրիգոր Մխճեանի, Տքթ. Մարտիրոս Ենիեորկանի եւ ՅովհաննէսԵըլտըզի, որոնք նախորդ շրջանին պաշտօնավարելէ յետոյ, չէինմասնակցած վերջին ընտրութեան։ Իրենց անունով շնորհակալութեանխօսք արտասանեց Տքթ. Մարտիրոս Ենիեորկան։
Ապա Պետրոս Շիրինօղլու բեմ հրաւիրեց Հոգաբարձութեան նախորդատենապետ Սեդրաք Թոքատը, որուն նոր Հոգաբարձութիւնը կու տար«Պատուոյ Նախագահ» տիտղոսը։ Իր ծառայութեան փոխարէն,Սեդրաք Թոքատ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ձեռամբ ստացաւՀիւանդանոցի ոսկեայ շքանշանը։ Թոքատ արտասանեց իրշնորհակալութեան խօսքը։
Փակման խօսքը արտասանեց մեր Հոգեւոր Պետը եւ ըսաւ թէ Ս. ՓրկիչԱզգային Հիւանդանոցը հաստատութիւն մըն է, որ մեծ ազդեցութիւնունի համայնքային կեանքին վրայ։ Նորին Ամենապատուութիւնըգնահատեց ու շնորհաւորեց նախորդ շրջանի հոգաբարձութեանանդամները, որոնք եկան ու ծառայեցին։ Անոնցմէ մաս մը կըշարունակեն ծառայել, իսկ մաս մըն ալ իրենց պաշտօնը ուրիշներու կըյանձնեն։ Նորին Ամենապատուութիւնը յատկապէս շնորհաւորեց ուգնահատեց Սեդրաք Թոքատը, որ համայնքային կեանքի մէջ 30տարիներ ծառայած է եւ հիմա պաշտօնը կը յանձնէ յաջորդներուն։ ՄերՀոգեւոր Պետը իր խօսքը աւարտեց հոգաբարձութեան նորընտիրանդամներուն յաջողութիւն մաղթելով։