Ս. ՓՐԿԻՉ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՏՕՆԵԼ 173-ԱՄԵԱԿԸ

Kategori: Համայնքային

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 22 Ապրիլ 2005, Ուրբաթ, ժամը15.00ին ընդունեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային ՀիւանդանոցիՀոգաբարձութեան ատենապետ Սեդրաք Թոքատը, ատենադպիր Տքթ.Մարտիրոս Ենիեորկանը եւ հաշուապահ Արշակ Փոլատը, որոնքտեղեկացուցին, որ Հիւանդանոցի հիմնադրութեան 173րդ տարեդարձի տօնակատարութիւնները պիտի կատարուին 5 Մայիս 2005Համբարձման տօնին եւ 8 Մայիս 2005 Երկրորդ Ծաղկազարդի կիրակիին, կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութիւններով։

Նորին Ամենապատուութիւնը հոգաբարձութեան անդամներըշնորհաւորեց Հիւանդանոցի մէջ եւ շուրջը տարուած աշխատանքներունհամար, յայտնեց իր անվերապահ գնահատանքը եւ ըսաւ որ 5 Մայիսին Պատրիարքական Աթոռի միաբանութեան անդամները պիտի մասնակցին Համբարձման տօնակատարութիւններուն Ազգային Հիւանդանոցի Մատրան մէջ։ Իսկ Երկրորդ Ծաղկազարդի կիրակիի տօնակատարութիւններուն պիտի հանդիսապետէ Պատրիարքական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արքեպիսկոպոս Սվաճեան։