Ս. Փրկիչ Մատուռ, Ետիգուլէ

Հասցէ

(Zakirbaşı sok. No. 32, 34021 Kazlıçeşme)
Հեռ.՝ (0212) 510-8052 (9 Hat), (0212) 510-7374 , (0212) 582-5050 (5 Hat)
Ֆաքս՝ (0212) 558-1584
Ել-նամակ՝ info@surppirgic.com
Կայքէջ՝ http://www.surppirgic.com

Կը գտնուի Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի շրջաբակին մէջ։ Կառուցուած է հիւանդներու ու պատսպարեալներու հոգեւոր կարիքներուն համար։

Առաջին անգամ Յարութիւն Ամիրա Պեզճեանի ծախքով փայտաշէն կառուցուեցաւ եւ 1834ին Ստեփանոս Աղաւնի Պատրիարքի ձեռամբ բացուեցաւ։

Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան, երբ կը ձեռնարկէր Հիւանդանոցի շինութեան, իր գլխաւոր աջակիցը եղած էր արքունի ճարտարապետ Կարապետ Ամիրա Պալեան, որ Յովհաննէս Ամիրա Սէրվէրեանի հետ ճարտարապետը եղած էր շէնքին։ Ուստի եկեղեցւոյ առաջին շինութեան եւս ճարտարապետութիւնը յանձն առած են անոնք։ Շէնքը ժամանակի ընթացքին խարխուլ վիճակի մատնուեցաւ։ 1906ին Ագաթան եւ Կարապետ Թահթապուրունեան եղբայրներու բարերարութեամբ, Գրիգոր Մելիտոսեան եւ Եղիազար Աւետիսեանի ճարտարապետութեամբ նորոգուելով վերաբացուեցաւ ձեռամբ Մաղաքիա Օրմանեան Պատրիարքի։ 1966ին կարեւոր նորոգութիւն մը կրեց, ճարտարապետութեամբ Եդուարդ Շահպազի, որ եկեղեցւոյ մէջ վերնատուն մը կառուցանեց։

Իսկ վերջին անգամ հիմնական նորոգութիւն տեսած ու գեղատեսիլ վիճակ ստացած է 2005ին։ Օծումը կատարուած ու պաշտամունքի վերաբացուած է ձեռամբ Ամեն. Տ. Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի։

Եկեղեցւոյ բակին մէջ թաղուած են մեծանուն բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանի ընտանեկան պարագաները՝
Արաքսի Կիւլպէնկեան, կողակից Յովհաննէսի 1871-1894
Յովհաննէս Կիւլպէնկեան, որդի Սերովբէի 1861-1894
Հռիփսիմէ Կիւլպէնկեան, կողակից Սերովբէի 1839-1888
Տիրուհի Կիւլպէնկեան, կողակից Սարգիսի 1846-1908
Սերովբէ Կիւլպէնկեան 1833-1886
Յովհաննէս Յակոբեան (բարերար Յակոբեան յարկաբաժնի)

Քարտէս