ՎԱԳԸՖԼԸԳԻՒՂ ԱՊԱՍՏԱՆԱԾ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՔԵՍԱՊԱՀԱՅԵՐ ՄԵԿՆԵՑԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆ

Kategori: Համայնքային

Վերջերս Սուրիոյ մէջ ծագած դէպքերու հետեւանքով Թուրքիա ապաստանած խումբ մը Քեսապահայեր, առժամեայ կարգադրութեամբ փոխադրուած էին Վագըֆլըգիւղ։

Խումբ մը Քեսապահայեր, 16 Մայիս 2014, Ուրբաթ, մեկնեցան դէպի Լիբանան։ Խումբը կը գլխաւորէր Պատկ. Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Իրեն կ՚ընկերանային Վագըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի անդամները։

Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան օժանդակութեամբ եւ յատուկ կարգադրութեամբ, Քեսապահայեր Ստանպուլի վրայով մեկնեցան Լիբանան, իրենց հարազատներու մօտ։