ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

ferikoy koroՖէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ, Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս Երգչախումբէն պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ քարոզիչ եւ դասուն նախագահ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի, 1 Փետրուար 2013, Ուրբաթ, այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձ. Տ. Արամ Արքեպիսկ. Աթէշեանի կողմէ։

Վարդանանց Դպրաց Դաս Երգչախումբի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ կը պատրաստուին տօնախմբել Դպրաց Դասուն հիմնադրութեան 104, իսկ երգչախումբին կազմութեան 81.րդ կրկնակ տարեդարձները կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեամբ, որուն համար եկած են խնդրելու Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը ու Նորին Սրբազնութեան հանդիսապետութիւնը։

Նորին Սրբազնութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան համար, այժմէն շնորհաւորեց մօտալուտ տարեդարձը եւ կարողութիւն մաղթեց Աստուծոյ փառքին եւ Անոր Տան պայծառութեան համար տարուած բոլոր աշխատանքներուն մէջ։