Վարդանանց Դպրաց Դաս Երգչախումբ / Ֆէրիգիւղ, Ս. Վարդանանց Եկեղեցի

Նախագահ՝ Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան
Փոխ-Նախագահ՝ Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնարեան
Դպրապետ՝ Սեդրակ Սրկ. Տավութհան

Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ համանուն Դպրաց Դաս Երգչախումբն է։ 1909 թուականին հիմնուած է իբրեւ Դպրաց Դաս Երգչախումբ։ 1932 թուականին կազմաւորուած է իբրեւ արական բազմաձայն երգչախումբ։ Կատարած է Կոմիտասեան եւ Եկմալեան Պատարագներու բազմաձայն երգեցողութիւնները նախ իբրեւ արական, ապա յետագային՝ խառն խումբ։ 1944ական թուականներուն շարունակած է իր աշխատանքներուն Փրօֆ. Արշամ Գավաֆեանի եւ Փրօֆ. Էտկար Մանասի։ Սկզբնական շրջաններուն ներկայացած է սահմանափակ հանդիսութիւններու՝ ժողովրդական երգերով։

1985 թուականէն սկսեալ Ատրուշան Հալաճեանի մականին ներքեւ եւ Լուսի Գահվէճիօղլուի երգեհոնահարութեամբ, հոգեւոր երաժշտութեան առընթեր, ներկայացած է հանրութեան սէնֆօնիք ստեղծագործութիւններով։ Երգչախումբը Թուրքիոյ եւ արտասահմանի մէջ մասնակցած է շատ մը հանդիսութեանց, համերգներու, փառատօններու։ Արժանացած է մրցանակներու։ Ունի նաեւ հոգեւոր եւ աշխահիկ երգերէ բաղկացեաց սկաւառակներ։

Երգչախումբը, ուխտագնացութեամբ երկու անգամ մեկնած է Ս. Երկիր եւ կատարած է Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները։ Դպրաց Դաս Երգչախումբը 2010-ին կատարած է Աղթամար Կղզիի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ եւ 2011ին Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած անդրանիկ Ս. Պատարագներու երգեցողութիւնները։ Նաեւ Դպրաց Դաս Երգչախումբի 80-ամեակի առթիւ, կազմակերպուած ուխտագնացութեամբ, Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարի մէջ կը կատարէ Ս. Պատարագի Երգեցողութիւնները եւ կը ներկայանայ Հայաստանի երաժշտասէր հասարակութեան, մին՝ Երեւանի Գամերային համերգասրահին մէջ, իսկ միւսը՝ Վանաձորի մէջ։

Խումբը այժմ երկսեռ է ու կ՚երգէ Կոմիտասեան բազմաձայն երգեցողութեամբ։